ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ (ՆԱՄԱԿ)
Սիրելի պրն. Յովսէփ Նալպանտեան,
Ստացայ ձեր նորագոյն աշխատութիւնը. զոյգ գիրքեր` մէկ կողքի տակ,
– «Ամերիկահայ գիրքի պատմութիւն» (սկսեալ 19-րդ դարու կէսերէն),
– «Հայկական բառարաններու համառօտ պատմութիւն (17-րդ դարէն սկսեալ):
Պիտի չխօսիմ այն մասին, որ իբրեւ գիտաշխատող` ինչ բծախնդրութեամբ ներկայացուցած էք զանոնք. այդ` որոշ է արդէն, որ պարտադրանքն է գիտաբանասիրութեան լուրջ սկզբունքներուն.
– Օգտագործուած համառօտագրութիւն,
– Այբբենական կարգով գիրքեր եւ գիրքեր` հրատարակուած Միացեալ Նահանգներու մէջ,
– Այբբենական կարգով բառարաններ` հրատարակուած Հայաստանի մէջ,
– Այբբենական կարգով բառարաններ` հրատարակուած սփիւռքի մէջ,
– Այբբենական կարգով` հեղինակներու անուններ,
– Անձնանուններու ցանկեր,
– Օգտագործուած աղբիւրներ, եւ այլն, եւ այլն:
Ինքնուրոյն է գործը: Ուսանելի են յառաջաբանները, որոնք գրուած են գիտաուսումնական «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի եւ բանասէր ու գրականագէտ Յովիկ Եղոյեանի կողմէ, յԵրեւան:
Գիտենք, որ դուք գիրքերու խենթ մըն էք. ձեր բնակարանին մէջ հաւաքատեղի բացած էք հին ու նոր գիրքերու: Այսօր, սակայն, ստանալով ձեր երկհատորեակը, հիացմունքով կը տեսնեմ, որ այդ բոլորը ոչ միայն կը պահէք, այլ ամենայն խնամքով ցանկագրած էք իրենց խորագիրներով, ծննդեան վայրով, տարիքով, ծաւալով եւ անշուշտ նաեւ` հեղինակներու անուններով:
Բծախնդիր այս վերաբերմունքին համար, ու մանաւանդ գործին հետագայ օգտակարութիւնները նկատի առած` անգամ մը եւս կը յայտնեմ հիացումս:
Չեմ գիտեր, որ նախատիպ հրատարակութիւններ եղա՞ծ են անցեալին: Այո՛ կամ ոչ` պատճառ չեն, որ գործը իր արժէքէն բան մը զիջի:
Ինծի կը թուի, թէ մեր ժամանակներուն ձեր կողմէ անձնապէս կամ ընտանեօք նման գիտական աշխատութիւն մը հրատարակելը սխրագործութեան պէս բան մըն է: Հաւանաբար արդէն նման զգացում մը դուք եւս ունեցած էք, քանի տպագրաքանակը սահմանափակած էք… 300-ի:
Կասկած չկայ, որ գործը ամբողջական չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
Կ՛ապրինք այս երկրին մէջ. բաւականին ծանօթ ենք իրադրութեանց: Եթէ որեւէ հաստատութիւն ցարդ մօտաւոր հայահամար մը չկրցաւ իրագործել, հպարտ պէտք է զգաք, որ դուք, առնուազն մշակութային մարզի մէջ, բանաւոր ստեղծագործութեան հաշուեհամար մը յաջողած էք կազմել: Նկատի ունենանք նոյն ատեն, որ սահմանափակ են մարդկային յիշողութիւնները. սահմանափակ են նաեւ մե՛ր ժողովուրդին մէջ… կ՛ենթադրեմ, որ էական գրեթէ ամէն տեսակի վիճակագրութիւնները. մանաւանդ` ընկերային մարզերու մէջ:
– Օրինակ, ո՞վ կրնայ ըսել, թէ տարուան ընթացքին քանի՞ հայ ծնունդներ կ՛ըլլան այս երկրին մէջ, քանի՞ անդենական մեկնողներ, քանի՞ պսակներ. անոնցմէ քանի՞ն երկկողմ հայերով, կամ` խառն…:
Կասկած չկայ, որ այդ բոլոր իրողութիւնները չեն անցնիր համայնքային աւանդական հաստատութիւններէն, բայց մեր փոքր շրջագծին մէջ իսկ անցած ու դարձածները հետաքրքրական եւ ուսանելի չե՞ն:
Դառնանք` դէպի կողմն աշխարհի գիրքերուն:
Գործդ ինքնուրոյն է: Վստահ եմ, որ գիրքերուն կարեւոր մէկ մասն ալ տեսած էք եւ` պրպտած: Կ՛երեւակայեմ, թէ ի՜նչ մեծ հաճոյք է ըլլալ անոնց հետ: Ինչե՜ր չեն պատմեր անոնք: Իւրաքանչիւրը` իւրատեսակ արժէք: Մարդիկ տարիներ ապրած եւ վերջն ալ վերածուած են հատորի մը կամ` հատորներու: Տարիներու կեանքի խտացում` էջերու մէջ: Ամէնէն ծաւալուն գիրքն ալ. քանի մը օրուան, կամ` քանի մը շաբաթուան ընթերցում եւ պատկերացումներ: Ուրեմն, ամբողջ կեանք մը` քանի մը օրուան կամ շաբաթուան մտածումներու նիւթ: Հո՛ն է այս ափերուն հաստատուած բեկորներուն կեանքը: Հոն են` անոնց երազները, ձգտումները, պայքարները հացի եւ լոյսի համար, անխուսափելի պայքարները` քաղաքական արեւելումներուն համար, ազգին կոտտացող դատին համար, մշակոյթին եւ վտանգուած լեզուին համար, եւ ի վերջոյ, նաե՛ւ անկախացած հայրենիքի կայունացման համար. ո՞րն ասենք. պայքար, պայքար` հասնելու համար … խաղաղ (ո՞ր մէկ) նաւահանգիստը:
Յամենայն դէպս, մէկ ու կէս դարերու ընթացքին քանի մը սերունդներ յաջորդած են իրարու: Հարիւր հազարաւորներու կեանք: Ցանկագրուած են աւելի քան 2200 գիրքեր: Շատ չեն: Արձանագրուած են 950 հեղինակներ:
Վստահ եմ, որ անոնք` հեղինակները, տքնանքով գիրքի վերածած են իրենց յուշերը, կարօտները, հայրենական երբեմնի կեանքը, իրենց կեանքին հոլովոյթները…: Ինչե՜ր չեն վկայած ու չեն վկայեր անոնք: Տխուր եւ ուրախ վկայութիւններ: Դաստիարակի՛չ են փորձառութիւնները. նոյնիսկ երբ կարճ հեռաւորութենէ մը կը նայինք անոնց վրայ: Կը գտնենք, որ ժամանակը բիւրեղացուցած է շատ բան. ինչ որ ատենին նկատուած է հարց, մեծ խնդիր, այսօր դարձած է կամ կը նկատուի չնչին, մանրուք…:
Գի՜րքը. այո՛, մնայուն եւ անխարդախ բարեկամը. խորհրդատո՛ւն կեանքին: Միակը, որ մեզ, մարդը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ ծանօթին եւ անծանօթին հետ. միակը, որ իբրեւ պատուհան մտքի` առիթ կու տայ դիտելու հեռուի գեղեցիկը եւ յարաբերութեան մէջ մտնել այլոց գաղափարներուն, զգացումներուն եւ հեռանկարներուն հետ:
Կարելի չէ ժխտել ճշմարտութիւնը. ան` գիրքը կը մնայ ամէնէն օգտակարն ու բարին:
Սիրելի՛ պրն. Նալպանտեան, աշխատութիւնդ կը խոստանայ բազմապիսի օգտակարութիւններ: Նորագոյն (հետաքրքիր) սերունդը մեծապէս պիտի օգտուի անկէ, ժողովուրդի գաղթականական, ազգագրական, պատմական, մշակութային, ընկերային-ընկերաբանական որեւէ մարզի մէջ հետազօտութիւններ կատարելու պարագային: Շատ բան կը յուշեն եւ կը թելադրեն` նոյնիսկ գիրքերուն խորագիրները:
Շնորհակալ` գործիդ համար,
Շնորհակալութիւններ` ձեզի ընտանեօք:
Սիրով`
ԿԱՐՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Լոս Անճելըս
Մարտ, 2011