ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԴՊՐՈՑԻՆ ՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ» ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՊԱՏՇԳԱՄԷՆ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 17 ապրիլ 2011-ին, Ծաղկազարդի օրը` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր տաճարէն եւ կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս ելլելով, ամբողջ մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ` ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներուն սրտերը:

Ս. պատարագը մատուցեց Շահէ եպս. Փանոսեան: Ներկայ բազմահազար ժողովուրդը ծափողջոյններով դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ վեհարանի պատշգամէն երեւելով` իր հայրապետական պատգամը եւ հայրական խօսքը ուղղեց հայ մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Վեհափառը տեսնելով հետաքրքրութեամբ իրեն նայող բազմաթիւ հայ մանուկները, իր պատգամը ուղղեց անոնց` Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի դրուագին ընդմէջէն: Ապա քաջալերեց ծնողները, որոնք հայու վայել գիտակցութեամբ, եկեղեցւոյ տօներուն մասնակից կը դարձնեն իրենց զաւակները` Աստուծոյ շունչով ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մեծցնելով զանոնք: Վեհափառին պատգամը հազիւ աւարտած, հազարաւոր հայ մանուկներ մեծ ցնծութեամբ դիտեցին գոյնզգոյն փուչիկները, որոնք մայրավանքի շրջափակէն դէպի երկինք բարձրացան:

Պատգամէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը:

«Հայ մանուկի տարուան» առիթով, վեհափառը բոլոր մանուկներուն նուիրեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրապարակած մանկական երգերու ուսուցողական տեսաերիզէն (քարաօքէ) օրինակ մը` 17 երգերով: Սոյն տեսաերիզը դիտելով` մանուկները իրենք պիտի կարդան պաստառին վրայ երեւցող բառերը երգին, ու երաժշտութեան ընկերակցութեամբ եւ անոր հետ գունաւորուող տողերուն վրայէն շուտով սորվին զայն: Հին թէ նոր մանկական երգերուն նոր մօտեցումով այս ներկայացման կողքին, մանուկները պիտի սորվին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ վեհափառին նուիրուած «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի բառերն ու երաժշտութիւնը:

Նշենք, որ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս Ծաղկազարդի տօնը հռչակած էր «Հայ մանուկներու օր», եւ այնուհետեւ ամէն տարի յատուկ նուէրներով, վեհափառը վեհարանին մէջ կ՛ընդունի բոլոր հայ մանուկները: Իսկ այս տարին բացառութիւն կազմեց` յատկապէս բազմահազար մանուկներու ներկայութեամբ, եւ «Հայ մանուկի տարուան» տօնախմբութեան վերածուեցաւ:

Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նաեւ դռնբացէքի խորհրդալից արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ վեհափառին: Քարոզեց Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան` Քրիստոսի երկրորդ գալստեան պատգամը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալներուն:

Յայտնենք, որ երէկ, Ծաղկազարդի տօնին առիթով մանուկներու թափօրներ եւ դռնբացէքի արարողութիւններ տեղի ունեցան Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES