Արուեստի Աշխարհէն. Երբ Ողիմպիական Խաղերուն Առիթով Մետալներ Կը Տրուէին Արուեստի Մէջ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ,  ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ, ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՆԵՐ, ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐ ԿԸ ՄՐՑԷԻՆ` ՈՍԿԻ, ԱՐԾԱԹ ԵՒ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼՆԵՐՈՒ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: «ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ» ԹԵՐԹԸ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ Կ՛ԱՌՆԷ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԷՋԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ:

Ժան Ժաքոպի «Քոռնըր» գեղանկարը (ձախին) եւ «Ռիւկպի»-ն: 1928-ին Ամսթերտամի մէջ Ողիմպիականի արուեստի մրցանքներուն առիթով Ժաքոպի արժանացած էր ոսկի մետալի` իր «Ռիւկպի» գեղանկարին համար: Գեղանկարները կը պատկանին Լոզանի թանգարանին հաւաքածոյին:

 

Ամերիկացի Ուոլթըր Ուինընզ Սթոքհոլմի 1912-ի Ամառնային Ողիմպիականին բեմ բարձրացաւ եւ հպարտօրէն ողջունեց հանրութիւնը` օդին մէջ շարժելով իր թեւերը: Ան արդէն ստացած էր երկու ոսկի մետալներ. մէկը` նշանառութեան մէջ,1908-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած խաղերուն առիթով, երկրորդը` արծաթ մետալ մը, 1912-ին տեղի ունեցած նոյն իրադարձութեան առիթով: Սակայն Սթոքհոլմի մէջ Ուինընզի ստացած ոսկի մետալը նշանառութեան համար չէր, ոչ ալ` վազքի: Իրօք, անիկա կապ չունէր որեւէ մարզախաղի հետ: Փոխարէնը` Ուինընզ այս մրցանակը շահած էր պրոնզի վրայ քանդակուած փոքր գործի մը համար, զոր ձուլած էր նոյն տարուան սկիզբը: Քանդակը կը պատկերէր 50 սմ բարձրութեամբ ձի մը, որ քարշ կու տար փոքր կառք մը: Իր «Տի ամերիքըն թրոթըր» գործով Ուինընզ շահած էր քանդակի մը համար երբեւիցէ տրուած Ողիմպիականի առաջին ոսկի մետալը:

Ողիմպիական խաղերու առաջին չորս տասնամեակներուն պաշտօնական մետալներ կը տրուէին ո՛չ միայն մարզական խաղերու մէջ, այլ նաեւ` գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան, ճարտարապետութեան, գրականութեան եւ երաժշտութեան: 1912-1952-ի միջեւ տեղի ունեցած խաղերուն առիթով դատական կազմի անդամներ 151 մետալներ շնորհած են մարզախաղերու ներշնչումով ստեղծուած արուեստի գործերու: Այս տարի` Ողիմպիականի գեղարուեստական մրցանքներուն 100-ամեակին առիթով, նոյնիսկ Ողիմպիականի երկրպագուներ տեղեակ չէին, թէ արուեստները գրեթէ սկիզբէն մաս կազմած են արդի Ողիմպիական խաղերուն:

«Որուն հետ որ խօսած եմ այս մասին, զարմանք յայտնած է,- կ՛ըսէ «Տը ֆորկաթըն Օլիմփիք արթ քոմփըթիշընզ» (Ողիմպիականի արուեստի մոռցուած մրցաշարքերը) գիրքին հեղինակը` Ռիչըրտ Սթանթոն:- Այս մասին տեղեկացայ, երբ կը կարդայի պատմական գիրք մը, որուն մէջ կարճ ակնարկութիւն մը կար Ողիմպիականի արուեստի մրցաշարքերուն, եւ ես ինծի հարց տուի, թէ այս ի՞նչ մրցաշարքեր են»: Հետաքրքրութենէ մղուած` Սթանթոն գրած է այս մասին առաջին եւ ցարդ միակ գիրքը, որ երբեւիցէ հրատարակուած է անգլերէնով:

«Այս անտեսուած նիւթին մասին աւելին գիտնալու համար, Սթանթոն պեղած է Զուիցերիոյ մէջ Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբին արխիւները, բանալով յաճախ անընթեռնլի թղթածրարներով լեցուն փտած սնտուկներ: Արխիւներուն մեծ մասը չէր բացուած այն օրէն, երբ ծրարուած էր տասնամեակներ առաջ: Սթանթոն ի յայտ բերած է, թէ Ողիմպիականի արուեստի մրցաշարքերուն պատմութիւնը կ՛երթայ մինչեւ պարոն Փիեռ տը Քուպերթենի ժամանակները: Քուպերթեն հիմնադիրներէն էր Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբին եւ արդի խաղերուն: Անոր Ողիմպիական խաղերու տեսլականին մաս կը կազմէին արուեստի մրցանքները: Ան ստացած էր դասական կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն: Զինք տպաւորած էր այն գաղափարը, թէ ի՛նչ կը նշանակէր ըլլալ ճշմարիտ Ողիմպիական մը. մէկը, որ ոչ միայն մարզական կարողութիւններով օժտուած էր, այլ նաեւ ունէր երաժշտական եւ գրական ձիրքեր,- կ՛ըսէ Սթանթոն:- Ան կը զգար, թէ արդի ժամանակներուն Ողիմպիական իրադարձութիւններու վերստեղծումը ամբողջական պիտի չըլլար, եթէ չընդգրկէր արուեստի որոշ երեւոյթներ»:

Երբ 19-րդ դարու անկիւնադարձին Քուպերթեն կը փորձէր Ողիմպիական խաղերը վերակառուցել սկիզբէն, ան չէր յաջողեր Աթէնքի, Ս. Լուիսի եւ Փարիզի մէջ առաջին խաղերուն տեղական կազմակերպիչները համոզել, թէ արուեստի մրցանքները հաւասարապէս անհրաժեշտ էին: Այսուհանդերձ, ան շարունակած էր ամուր կերպով պաշտպանել իր տեսակէտը: «Միայն մէկ տարբերութիւն կայ մեր Ողիմպիական խաղերուն եւ մարզական սովորական մրցաշարքերուն միջեւ: Տարբերութիւնը նոյնինքն գեղարուեստական մրցանքներու գոյութիւնն է, այնպէս ինչպէս անոնք ներկայ էին հնադարեան ժամանակներու Ողիմպիական խաղերուն, ուր մարզական երեւոյթները հաւասար կ՛ընթանային գեղարուեստական երեւոյթներուն հետ», յայտարարած է ան:

Ի վերջոյ, Քուպերթեն յաջողած էր Սթոքհոլմի 1912-ի խաղերուն մէջ տեղ ապահովել արուեստներուն: Կազմակերպիչները կը յայտարարէին, թէ կ՛ընդունէին դիմումներ` ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ գրականութեան մարզերուն մէջ: Սակայն, մէկ պայմանով` ներկայացուած իւրաքանչիւր գործի ներշնչումը պէտք էր գար մարզական գաղափարէ մը: Մեծ մասամբ եւրոպացի շուրջ 33 արուեստագէտներ յանձնեցին իրենց գործերը, եւ ոսկի մետալ մը տրուեցաւ իւրաքանչիւր մարզի մէջ: Ուինընզի ձիակառքին կողքին մրցանակներ շահած էին արդիական մարզադաշտի մը յատակագիծը (ճարտարապետութեան մէջ), «Ողիմպիականի յաղթական քայլերգ» մը (երաժշտութեան մարզին մէջ), քիւեր, որոնք կը պատկերէին ձմեռնային մարզախաղեր (գեղանկարչութեան մէջ) եւ Մարզախաղերու ձօն մը (գրականութեան մէջ): Քուպերթէն ինքնին մաս կը կազմէր մրցանակակիրներուն: Այն մտավախութեամբ, թէ բաւարար թիւով դիմումներ պիտի չկատարուէին Ողիմպիականի արուեստի մրցանքներուն մասնակցութեան, Քուպերթէն անձամբ գրի առած էր ձօն մը` գործածելով Ճորճ Հոհրոտ եւ Մարթին Էշպախ ծածկանունները: Ան երբեք դատական կազմին չէր յայտնած հեղինակին բուն անունը:

Ուոլթըր Ուինընզի «Էն ամերիքըն թրոթըր» քանդակը ոսկի մետալ շահած էր 1912-ին` Սթոքհոլմի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած Ողիմպիականի արուեստի մրցանքներուն:

Յաջորդ երկու տասնամեակներուն, մինչ Ողիմպիական խաղերը կը վերածուէին միջազգային գլխաւոր իրադարձութեան մը, գեղարուեստական մրցանքները հետզհետէ կը մնային շուքի մէջ: Մարզական նիւթի մը վրայ կեդրոնանալու պարտադրանքին պատճառով` գեղանկարներուն եւ քանդակներուն մեծ մասը կը պատկերէր թատերական ուժգնութիւն մը արտացոլացնող ըմբշամարտեր կամ կռփամարտեր: Ճարտարապետական գործերուն մեծ մասը կը բաղկանար մարզադաշտերու եւ ամփիթատրոններու յատակագիծերէ: Մրցանակաբաշխութիւնը ինքնին անկայուն էր եւ յաճախ` քաոսային: Դասաւորումի մը մէջ կը տրուէր արծաթէ մետալ մը եւ ոչ մէկ ոսկի մետալ, կամ` դատական կազմին այնքա՛ն յուսախաբութիւն կը պատճառէին ներկայացուած գործերը, որ ոչ մէկ մետալ կը շնորհուէր: 1928-ին` Ամսթերտամի մէջ տեղի ունեցած խաղերուն ժամանակ,  գրականութեան մարզը բաժնուած էր երեք դասաւորումներու. քնարերգական, թատերական եւ դիւցազներգական, ապա վերամիացած էր 1932-ին, եւ դարձեալ բաժնուած` 1936-ին:

Արուեստի շրջանակներ անվստահութիւն կը ցուցաբերէին այս մրցանքներուն նկատմամբ: «Ոմանք խանդավառ էին, սակայն որոշ թիւով անձեր վերապահ էին,- կ՛ըսէ Սթանթոն:- Անոնք չէին ուզեր մրցիլ, որովհետեւ կը վախնային, թէ կրնային կորսնցնել իրենց հռչակը»: Այն իրողութիւնը, թէ Ողիմպիականի մրցանքներուն հիմը դրած էին արուեստի շրջանակներէ դուրս անձեր, եւ ոչ` արուեստագէտներ, երաժիշտներ կամ գրագէտներ, եւ այն պայմանը, որ ներկայացուած բոլոր գործերը պէտք էր ունենային մարզական բնաբաններ, նոյնիսկ ամէնէն աւելի խանդավառ անձերը մղած էր եզրակացնելու, թէ չէր արժեր ժամանակ յատկացնել այս մրցանքներուն:

Այսուհանդերձ, այն երկիրներուն մէջ, ուր տեղի կ՛ունենային Ողիմպիական խաղերը մարդիկ կը փութային տեսնելու ցուցադրուած արուեստի գործերը: 1932-ի խաղերուն առիթով շուրջ 400 հազար հոգի այցելած է Լոս Անճելըսի Պատմութեան, գիտութեան եւ արուեստի թանգարանը, տեսնելու համար ներկայացուած գործերը: Կարգ մը անուանի արուեստագէտներ մասնակցած էին այս մրցանքին: Անոնց շարքին էր Ճոն Ռասըլ Փօլ` ճարտարապետը Ճեֆըրսընի յուշակոթողին: Ան արծաթ մետալ մը ստացաւ 1932-ի Լոս Անճելըսի խաղերուն իր ներկայացուցած Փէյն Ուիթնի մարզարանին ձեւագծումին համար, որ այժմ կառուցուած է Եէյլ համալսարանին մէջ: Անուանի այլ մասնակցողներ էին իտալացի քանդակագործ Ռամպրանթ Պուկաթթի, ամերիկացի պատկերազարդող` Փըրսի Քրոսպի, իրլանտացի գրագէտ Օլիվըր Ս. Ճոն Կոկարթի եւ հոլանտացի գեղանկարիչ Իսաակ Իսրայէլս:

 

Քարլօ Փելլեկրինիի ձմեռնային խաղերու նկարները արժանացած են Ողիմպիականի ոսկի մետալի մը:

Ողիմպիական խաղերը առկախուեցան 1940-ին եւ 1944-ին, որովհետեւ մասնակցող երկիրներուն մեծ մասը խրած էր Բ. Աշխարհամարտի բրտութեան եւ աւերի թոհուբոհին մէջ: Երբ վերսկսան խաղերը, գեղարուեստական մրցանքները սկսան դիմագրաւել աւելի մեծ տագնապ մը. Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբին նոր նախագահը համակուած էր բացարձակ սիրողականութեան մարմաջով: «Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբի նախագահ ընտրուեցաւ ամերիկացի Էյվերի Պրանտէյճ, որ ամուր պաշտպան մըն էր սիրողական մարզիկներու,- կ՛ըսէ Սթանթոն:- Ան կը ձգտէր ամբողջութեամբ բիւրեղ Ողիմպիական խաղերու եւ չէր ուզեր տարուիլ դրամական ճնշումներով»: Եւ որովհետեւ արուեստագէտներ իրենց ապրուստը ապահովելու համար կ՛ապաւինին իրենց գործերուն վաճառքին, եւ որովհետեւ Ողիմպիականի մետալ մը տեսականօրէն կը ծառայէր իբրեւ տեսակ մը ծանուցում` արուեստագէտի մը գործին, գեղարուեստական մրցանքները դարձան Պրանտէյճի թիրախը: Ան կը շեշտէր, թէ անոնք արհեստավարժութեան անբաղձալի ոտնձգութիւն էին: Թէեւ Պրանտէյճ ի՛նք գրական գործ մը ներկայացուցած էր 1932-ի Ողիմպիական խաղերուն եւ արժանացած էր պատուոյ յիշատակութեան, սակայն 1948-ի խաղերէն ետք աղմկալից պայքար մը մղած էր արուեստներու մրցանքին դէմ:

Պրոնզ մետալներ, որոնք տրուած են քանդակագործներու` Փարիզի 1924-ի Ողիմպիականին արուեստի մրցանքներուն առիթով:

Բուռն վէճերէ ետք ի վերջոյ որոշուած էր գեղարուեստական մրցանքները ջնջել Ողիմպիական խաղերէն: Անոնք փոխարինուեցան խաղերուն զուգահեռ, սակայն ոչ մրցանքի նպատակով կազմակերպուած ցուցահանդէսներով, որոնք ի վերջոյ ճանչցուեցան իբրեւ Մշակութային Ողիմպիական: Բրիտանացի Ճոն Քոփլէյ գեղարուեստական մրցանքներուն վերջին դափնեկիրներէն էր: Ան 1948-ի խաղերուն արծաթէ մետալ մը շահած էր իր «Փօլօ փլէյըրզ» (փօլօ խաղցողները) գործին համար: Այդ ժամանակ Քոփլէյ 73 տարեկան էր եւ Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ պիտի դառնար տարիքով ամէնէն մեծ դափնեկիրը, եթէ իր մրցանակը տակաւին հաշուի առնուէր: Արուեստներու յատկացուած Ողիմպիականի 151 մետալները ի վերջոյ պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարուեցան Ողիմպիականի պատմութեան մէջ եւ այսօր մաս չեն կազմեր տարիներու ընթացքին երկրի մը ստացած մետալներուն ընդհանուր թիւին:

Այսուհանդերձ, այսօր` կէս դար ետք, Ողիմպիականի գեղարուեստական մրցանքներուն գաղափարը տակաւին կը յամենայ: 2004-էն սկսեալ Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբը իւրաքանչիւր ամառնային խաղերէ առաջ կը կազմակերպէ Մարզախաղերու եւ արուեստներու պաշտօնական մրցանքը: 2012-ի մրցանքին մասնակցողները ուղարկեցին քանդակներ եւ գծագրական գործեր` «Մարզախաղեր, գերազանցութեան, բարեկամութեան եւ յարգանքի Ողիմպիականի արժէքները» բնաբանով: Թէեւ մետալներ չտրուեցան, սակայն մրցանակակիրները ստացան դրամական պարգեւներ, լաւագոյն գործերը ընտրուեցան եւ խաղերուն ընթացքին ցուցադրուեցան Լոնտոնի մէջ: Թերեւս տեղ մը պարոն Փիեռ տը Քուպերթեն կը ժպտար գոհունակ…:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )