ՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԱԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ԽՄՈՒԱԾ ԱԼՔՈԼ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԽՄԻՉՔՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՏԵՍԱԿԻ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Վերջերս Եւրոպայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ օրական մօտաւորապէս կէս լիթրէն աւելի խմուած գարեջուրը կրնայ բարձրացնել կարգ մը տեսակի քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Այսուհանդերձ, եւրոպացի մասնագէտներ նշեալ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են եւրոպական ութ երկիրներու մէջ ապրող 35-70 տարեկան երեք հարիւր վաթսուներեք հազար ինն հարիւր ութսունութ տղամարդ ու կին եւ գտած են, թէ տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող տղամարդոց տասէն մէկուն, իսկ կիներուն երեսուներեքէն մէկուն քաղցկեղը յառաջացած է մեծ քանակութեամբ ալքոլ պարունակող խմիչքներու գործածութենէն:

2008-ին Բրիտանիոյ մէջ պատրաստուած վիճակագրական տուեալներէն մէկուն համաձայն, երեք հարիւր չորս հազար քաղցկեղի պարագաներէն տասներեք հազարին քաղցկեղը յառաջացած է մեծ քանակութեամբ ալքոլ պարունակող խմիչքներու գործածութենէն:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը որոշ կապ մը ցոյց տուած է մեծ քանակութեամբ ալքոլի գործածութեան ու որկորի, լեարդի, կուրծքի ու աղիքներու քաղցկեղներուն յառաջացման միջեւ: Այսուհանդերձ, նշեալ քաղցկեղներուն 40-98 առ հարիւր համեմատութիւնը յառաջած է օրական յանձնարարուած ալքոլի քանակութենէն շատ աւելի մեծ քանակութեամբ խմուած ալքոլին պատճառով:

ԱԼՔՈԼԻՆ ՏԱՐԲԱՂԱԴՐՈՒԵԼԷՆ ԿԱԶՄՈՒԱԾ
ՔԻՄԻԱԿԱՆ ՆԻՒԹԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ`
ԾԻՆԱՅԻՆ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ

Մասնագէտները բացատրած են, թէ երբ ալքոլը կը տարբաղադրուի մարմնին մէջ, ապա անիկա կ՛արտադրէ քիմիական նիւթ մը, որ կրնայ վնասել ծինային կերտուածքներուն` այդպիսով բարձրացնելով քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ օրական աւելի քան քսանչորս կրամ ալքոլ պարունակող խմիչքներ խմող տղամարդիկը, իսկ աւելի քան տասներկու կրամ ալքոլ պարունակող խմիչքներ խմող կիները ամէնէն աւելի հակամէտ եղած են ալքոլի հետ առնչուած քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին:

Նշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող գերմանացի մասնագէտ Մարլէն Շուց ըսած է, թէ նշեալ քաղցկեղներուն յառաջացումը կրնայ ուշագրաւ կերպով կասեցուիլ, երբ մարդիկ հակակշռեն ալքոլ պարունակող խմիչքներուն գործածութիւնը: Ան նշած է նաեւ, թէ ալքոլի հետ առնչուած քաղցկեղներուն յառաջացման վտանգը կրնայ նուազագոյնի հասնիլ, եթէ մարդիկ օրական յանձնարարուած ալքոլի քանակութենէն նուազ քանակութեամբ ալքոլ պարունակող խմիչք խմեն եւ կամ եթէ ամբողջութեամբ դադրեցնեն ալքոլի գործածութիւնը:

ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ
ՄՇԱԿՈՒՄԸ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Բրիտանիոյ մէջ քաղցկեղի ուսումնասիրութեան կեդրոնի առողջապահական տեղեկութիւններու բաժինի տնօրէնուհի Սառա Հիոմ ըսած է, թէ վիճակագրական հարցախոյզներէն ձեռք ձգուած տեղեկութիւնները ցոյց տուած են, թէ մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք երբեք գաղափար չունին, թէ մեծ քանակութեամբ ալքոլը կրնայ բարձրացնել քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Մասնագէտ Հիոմ նշած է, թէ վերջին տասը տարուան ընթացքին բերանի քաղցկեղը սկսած է շատ աւելի յաճախակիօրէն յայտնուիլ մարդոց մօտ: Այսուհանդերձ, նշեալ քաղցկեղին յառաջացման վտանգին տարողութեան բարձրացման պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ մեծ քանակութեամբ ալքոլ պարունակող խմիչքներու գործածութիւնը:

Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ ծխելէն հրաժարելուն ու մարմնին ծանրութիւնը առողջարար սահմաններու միջեւ պահպանելուն առընթեր, ալքոլի գործածութիւնը հակակշռելը կը հանդիսանայ տարբեր տեսակի քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը կասեցնող կարեւոր ազդակներէն մէկը:

Բրիտանացի այլ մասնագէտ մը` փրոֆ. Քարոլ Սիքորա յանձնարարած է ալքոլ պարունակող խմիչքներ խմել առիթներով, սակայն ոչ` կանոնաւոր յաճախականութեամբ: Ան անհրաժեշտ նկատած է շատ աւելի ծաւալուն, աշխատանք տանիլ ալքոլին ու մասնաւորաբար կարգ մը տեսակի քաղցկեղներու յառաջացման միջեւ եղած կապը շեշտող ու համապատասխան տուեալներով հիմնաւորող նախազգուշական ծրագիրներու գործադրութեան մէջ, որպէսզի մեծ թիւով մարդիկ տեղեակ ըլլան առողջութեան վրայ մեծ քանակութեամբ ալքոլին սպառնացող վտանգին մանրամասնութիւններէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES