«Մուսալեռցիի Վայել Ասպետական Ոգիով…»
Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները կորսնցուցին հայր Վարդան եպս. Աշգարեանը` Այնճարի հին սերունդի մտքին մէջ ծանօթ Ճարշումենց Վարդապետը:Կորուստը մեծ է ոչ միայն հայ կաթողիկէ համայնքին համար, այլեւ մանաւանդ` Այնճարի հայութեան համար, որ կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը, ա՛յն զաւակներէն, որոնք հպարտութիւն բերին Այնճարին, ա՛յն արժանաւորներէն, որոնք իրենց բազմակողմանի ծառայութեամբ բարձր պահեցին մուսալեռցի-այնճարցիին ճակատը:
Հ. Վարդան եպս. Աշգարեան աւելի քան 50 տարիներ ծառայեց մեր ժողովուրդին` նուիրումով, հաւատքով ու բծախնդրութեամբ: Ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին,հայ գրականութեան եւ մանաւանդ ի խնդիր հայ նոր սերունդին:
Մուսալեռցիի վայել ասպետական ոգիով և քաջաբար պայքարեցաւ առանց լքելու պատնէշը նոյնիսկ ամենածանր օրերուն:
Եղաւ միասնութեան ջատագով` միշտ թիկունք կանգնելով միջկուսակցական եւ միջհամայնքային համախոհութեան, յատկապէս` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն:
Գերպծ. Աշգարեանի մասին անկարելի է քանի մը տողով խօսիլ. ան տէր է մեծ վաստակի եւ իր քրտինքը միախառնուած է այս գաղութի վերելքին համար թափուած բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Հայ երիտասարդներու աչքերուն մէջ փնտռեց թախիծը, առանց որուն` անոնք դիւրաւ պիտի օտարանային սփիւռքի այլասերիչ պայմաններուն մէջ:
Պաշտամունքի արժանի գտաւ հայ մայրը, առանց որուն` անկարելի է հայ ընտանիք պահել: Յարգանքով, երկիւղածութեամբ յիշեց հայ մայրերը եւ պատահմամբ չէ, որ փափաքեցաւ իր վերջին երկրային հանգիստը գտնել իր ծնողքին` յատկապէս մօր կողքին:
Սիրելի գերապայծառ,
«Դէուն արվէց աշխուր կուս համա, մընք սէր», ինչպէս կ՛ըսեն մուսալեռցիները: Դուն չմոռցար արմատներդ եւ կը վերադառնաս քու հարազատ ժողովուրդիդ ծոցին մէջ:
Քու մահովդ Այնճարը սուգի մէջ է:
Դուն մեր «Փրկութեան խաչի դրօշակիր» շքանշանը շալկողը եղար, բարձր պահեցիր այդ դրօշակը եւ քու կեանքի օրինակովդ ցոյց տուիր մեր նոր սերունդին ծառայութեան և նուիրումի ճամբան:
Յիշատակդ անմար է մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Դուն կենդանի պիտի մնաս մեր ժողովուրդին համար:
Այնճար, 6 օգոստոս 2012