ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԻԿՈՂՈՍ ԹԱՀՄԻԶԵԱՆԻ
ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան կազմակերպութեամբ, փրոֆեսէօր, երաժշտագէտ Նիկողոս Թահմիզեանի ծննդեան 85-ամեակին առիթով մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011-ին:
Օրուան հանդիսավարն էր Արմէն Իւրնեշլեան, հայ աւետարանական քոլեճի հայոց լեզուի եւ գրականութեան պատասխանատու ուսուցիչը:
Ան իր խօսքին մէջ շեշտելով` ըսաւ, որ Մելգոնեանի Սանուց միութեան աւանդութեան վերածուող գեղեցիկ սովորութիւնը` պատուել հայութեան ազգային-մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Մելգոնեանցիներու կը շարունակուի: Ան ըսաւ, թէ Նիկողոս Թահմիզեան շարունակողը եղած է Մեծն Կոմիտասի սկսուած աշխատանքին, արդի համաշխարհային երաժշտագիտութեան հիմունքներով ուսումնասիրել հայ ազգային երաժշտութիւնը, պեղել ակունքները եւ տալ անոր գնահատականքս միջազգային չափանիշներով: Ան շեշտը դրաւ 1945-ի ներգաղթին բերած ազդեցութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին կենցաղին վրայ: Ներգաղթողը իրեն հետ տարած է արեւմտահայ մտքի հոգեբանական ճաշակը, դաստիարակութիւնը, որ անուրանալի բարեխառնութիւն մը բերած է խորհրդահայ իրականութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ: Յիշեց կարգ մը անուններ ներգաղթողներէն` մելգոնեանցի գրագէտ Կարպիս Սուրէնեանը, երաժշտագէտ Նիկողոս Թահմիզեանը, գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանը, ոչ մելգոնեանցի Պերճ Զէյթունցեանը, Ստեփան Ալաճաճեանը, Յարութիւն Կալենցը եւ ուրիշներ:
Նիկողոս Թահմիզեան 1990-էն ի վեր կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ` շարունակելով իր պեղումները հայ երաժշտագիտութեան մէջ:
Իւրնեշլեան կարդաց հրապարակագէտ Թամար Յովհաննէսեանի «Սրտի խօսք» նամակը` ուղղուած Նիկողոս Թահմիզեանին: Ապա ան հանդիսականներուն ներկայացուց օրուան բանախօս, Քասլիք համալսարանի երաժշտութեան դասախօս «Կռունկ» երգչախումբի խմբավար դաշնաւորումի վարպետ դոկտ. Էտուար Թորիկեանը` հրաւիրելով զայն ամպիոն:
Էտի Թորիկեան իր խօսքի սկիզբը յայտնեց, որ երբ իր դոկտորայի թեզը կը պատրաստէր (Հայ ծիսական երգին ընդհանուր յատկանիշները եւ Զմմառու վանքին տարբերակին առանձնայատկութիւնները) մեծապէս օգտուած է փրոֆ. Նիկողոս Թահմիզեանի գրութիւններէն: Այնպէս որ, երբ մելգոնեացիներ ինծի մօտեցան, որ իր մասին խօսիմ, մեծ հաճոյքով ընդառաջեցի ձեւով մը երախտագիտական պարտքս հատուցանելու գոհունակութեամբ:
Թահմիզեանի բեղուն գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ 200-է աւելի յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, աշխատակցութիւններ միութենական երաժշտական Հանրագիտարանին եւ Հայկական Հանրագիտարանին, երկու տասնեակ մը գիրք – մենագրութիւններ եւ 60-է աւելի գիտական զեկուցումներ` Հայաստան եւ այլուր այս բոլորը` վեց լեզուներով (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ լեհերէն): Յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են ոչ միայն Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զանազան պարբերականներու մէջ, այլ նաեւ` սփիւռքին մէջ, յատկապէս` «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Հանդէս Ամսօրեայ» (Վիեննա), «Ասպարէզ» (Միացեալ Նահանգներ) եւ Ֆրանսայի մէջ «Ռէվու տէ էթիւտծ Արմինիընզ»:
Ան յիշեց Թահմիզեանի կարգ մը ուսումնասիրութիւնները, որոնք գիրքով եւ կամ յօդուածով լոյս տեսած են:
1.- Արեւելեան երաժշտութեան հայ ներկայացուցիչներ:
Ա.- 17-րդ դարու առաջին կէսի հայ երաժիշտ Սազանտար, աշուղ, Թամբուրահար, երգիչ, տեսաբան եւ մանկավարժ Յարութիւն Թամպուրիի մասին:
Բ.- Յակոբոս Այվազեան գրած է (Արեւելեան երաժշտութեան ձեռնարկ մը)
2.- Սայաթ Նովա «Սայաթ Նովան եւ հայ գուսանա-աշուղական երգ-երաժշտութիւնը»
3.- 17-18-րդ դարերու հայ ժողովուրդի պատմութեան վերանորոգութեան շարժման մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ եւ յատկապէս Մխիթար Աբբահօր երաժշտական վաստակին մասին:
4.- Հայ երաժշտութեան արդի պատմութեան ռահվիրաններ:
Ա.- «Գրիգոր Գապասաքալեանի «Համառօտութիւն երաժշտականի գիտութեան աշխատութիւնը», 18-րդ դար:
Բ.- Մակար Եկմալեանի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը:
5.- Կոմիտաս. «Կոմիտասը եւ հայ ժողովուրդի երաժշտական ժառանգութիւնը»:
6.- Հայկական օփերան «Տիգրան Չուխաճեան եւ նրա Արշակ Բ. օփերայի մասին»:
7.- Քսաներորդ դարու հայ երաժշտութեան եւ սփիւռքահայ երաժիշտներ Ալան Յովհաննէս, Ռիչարտ Եարտըմեան եւ Համբարձում Պէրպէրեան, խորհրդահայ երաժիշտներ` Ալեքսանտր Սպենդիարեան, Ռոմանոս Մելիքեան, Էդկար Յովհաննիսեան եւ Արամ Խաչատուրեան:
8.- «Տը սթէյթ աֆ միւզիգըլ սայընս ին տը Սովիէթ Ասիըն րիփապլիք», դասախօսութիւն Ճափոնի մէջ, 1985-ին:
9.- «Մայր Աթոռի տպարանը եւ հայ երաժշտարուեստը», 1972, էջմիածին:
Դոկտոր Էտի Թորիկեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Նիկողոս Թահմիզեանի 55 տարիներու վրայ երկարող երաժշտագիտական հսկայ աշխատանքին, որ օր մը կրնայ նիւթ դառնալ հայագիտական հանդէսի մը: Թորիկեան եզրակացուց իր խօսքը` ըսելով, որ հայ երաժշտագէտներուն կը մնայ շարունակելու Թահմիզեանի եւ իր նմաններուն սկսած գործը` լուսաբանելու համար հայ երաժշտութեան մէջ եղող բազմաթիւ կնճռոտ հարցեր:
Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Թահմիզեան ժամանակակից, մելգոնեանցի ընկերը` բժ. Թորոս Թորանեան, որ յատուկ այս ձեռնարկին համար հրաւիրուած էր Հալէպէն: Ան շնորհաւորեց Մելգոնեան Սանուց միութիւնը եւ մաղթեց, որ նման ձեռնարկներ կազմակերպելը վարակիչ դառնայ ուրիշներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակի վրայ Կոմիտասի «Կռունկ»ով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Աբիկ Չոլաքեան եւ ապա Կարօ Քէլէշեան երգեց` դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
«Սայլն այն իջանէր»` Գրիգոր Նարեկացիի, «Ես սարէն կու գայի» եւ «Կանչէ կռունկ»` Կոմիտաս վրդ., հանդիսականները հիացմունքով ունկնդրեցին երիտասարդ արուեստագէտները դիմաւորելով զանոնք երկար ծափողջոյններով, մաղթելով իրենց յարատեւութիւն:
ԶԱՒԷՆ Կ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ