Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՊԱՐՊՈՒԻ… ԱՅՍ ԹՈՅՆԸ. ԲԱՅՑ ԿԸ ՊԱՐՊՈՒԻ՞, ԱՐԴԵՕՔ, ԱՅՍՔԱ՛Ն ԹՈՅՆԸ

16 մարտ 1921-ին կնքուած Մոսկուայի դաշնագրին վերաբերեալ, համացանցի վրայ նիւթերու որոնման ընթացքին, պատահականօրէն յայտնուեցաւ հետեւեալ ուշագրաւ խորագրով հրապարակում մը.

«Մոսկուայի պայմանագիր. ռուս-թուրքական այսպէս կոչուած «խայտառակ» գործարքի մասին»:

Խորհրդային ուղղագրութեամբ արեւելահայերէն յօդուած մըն էր, որ հրապարակման թուական ունէր 19 մարտ 2011-ը: Ըստ երեւոյթին, հայաստանեան մերօրեայ հրապարակում մըն էր, որ սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ, իր խորագրով իսկ, «այսպէս կոչուած «խայտառակ» գործարք» կը նկատէր Մոսկուայի ռուս-թրքական պայմանագիրը:

Ինչո՞ւ «այսպէս կոչուած» կը նկատուի այլապէս բառին ամբողջական իմաստով «խայտառակ» 1921-ի Մոսկուայի դաշնագիրը, որ ոչ միայն օրին իրաւական «պսակումը» եղաւ Լենին-Քեմալ հակահայ դաւադրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան խորտակումին, այլեւ մինչեւ այսօր հիմք կը ծառայէ ռուսեւթրքական միջպետական յարաբերութեանց դիւանագիտական կարգաւորումին:

Այն աստիճան, որ 2009-ի հոկտեմբերին ստորագրուած հայեւթուրք արձանագրութեանց ճամբով Թուրքիա կը փորձէ Հայաստանին պարտադրել, որ իր կարգին նորովի՛, միջպետական նորօրեայ պայմանագրով մը ճանչնայ Մոսկուայի եւ անոր հետեւած հոկտեմբերի 1921-ի Կարսի դաշնագիրները` մէկանգամընդմիշտ միջազգային օրէնքով «ամրագրելու» համար, թէ կ՛ընդունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող այժմու իրողական սահմանագիծը… աջ ու ձախ նուէր տրուած Նախիջեւանով, Ջաւախքով եւ Արցախով հանդերձ:

Ծանօթ չէ անունը Armenian Herald Blog (հայկական մունետիկ) կայքէջին, ոչ ալ անոր հեղինակին: Նաեւ յատկանշական է, որ խնդրոյ առարկայ  յօդուածը իր կարգին համոզումով կը շեշտէ, որ խայտառակութիւն էր Մոսկուայի պայմանագիրը: Նախ` որովհետեւ միջազգային օրէնքի առումով իրաւական հիմք չունէր. կնքուած էր տուեալ պահուն միջազգային ընտանիքին կողմէ իրաւական ճանաչումի չարժանացած երկու ուժերու` Լենինի Ռուսիոյ եւ Քեմալի Թուրքիոյ միջեւ: Ապա` որովհետեւ, փրոֆ. Ա. Մանասեանէն կատարուած մէջբերումին բառերով, «Երկու պետութիւն (Ռուսաստան եւ Թուրքիա) իրենց չպատկանող երրորդ պետութեան (Հայաստան) տարածքները յանձնում են չորրորդ պետութեանը (Ազրպէյճան)»…

Թէ ինչո՛ւ Մոսկուայի պայմանագրին խայտառակութիւն ըլլալուն մէջ էապէս համոզուած  նման հրապարակում մը, իր խորագրով, «այսպէս կոչուած «խայտառակ» գործարք» կը հռչակէ ռուս-թրքական դաշնագրին կնքումը, ի յայտ կու գայ նիւթին հետ ուղղակի աղերս չունեցող ակնարկութեան մը ընդմէջէն:

Ծանօթ է, որ մարտ 16-ին Երեւանի մէջ, Մոսկուայի դաշնագրին ստորագրութեան 90-ամեակին առիթով, ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ` Լենինի եւ Քեմալի այդ խայտառակ գործարքին դէմ: Այդ քայլը ինքնին կատղեցուցած է խնդրոյ առարկայ հրապարակումին հեղինակը, որ բառացիօրէն հետեւեալ թոյնը թափած է այս օրերուն. «Անդրադառնանք Դաշնակցական կուսակցութեան բողոքին: Ճիշդն ասած բաւականին զաւեշտալի էր ինձ այս բողոքի ցոյցի մասին լսելը: … Ամենայն հաւանականութեամբ դաշնակցականները մոռացել են, որ հէնց նրանց ապաշնորհ ղեկավարման պատճառով Հայաստանը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց 1920 թ. հայ-թուրքական պատերազմում, չնայած զինուած ուժերով գերազանցում էինք թուրքերին: Առաւել եւս մոռացել են 1920-ի վերջին իրենց կողմից կնքուած խայտառակ Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը, որով Հայաստանը, բացի Կարսից ու Սուրմալուից, Թուրքիային էր զիջում նաեւ` ներկայիս Շիրակի մարզի մեծ մասը եւ Արագածոտնի մարզի մի մասը, ինչպէս նաեւ` դրւում Թուրքիայից ստրկական կախման մէջ: Փառք Աստծոյ, պոլշեւիկների ճնշման շնորհիւ գոնէ յաջողուեց այդ հողերը պահել, չնայած սկզբնապէս թուրքերը պահանջում էին, որ Շիրակի մարզը նոյնպէս իրենց անցնի: Այնպէս որ, ուղղակի ծիծաղելի է դաշնակցականների բողոքի ակցիան, որը պոպուլիզմից (ժողովրդականութիւն շահելու նպատակ-Խմբ.) բացի, ըստ էութեան, որեւէ իմաստ չունի»:

Ահա այսքա՜ն թոյն, այն ալ` մէկ պարբերութեան մէջ եւ, որոշապէս, Մոսկուայի դաշնագրին դէմ դաշնակցական երիտասարդութեան նախաձեռնած բողոքի ցոյցին առիթով:

Եւ մանաւա՛նդ այս օրերուն, երբ հայ քաղաքական մտքի բոլոր ուժերու լարման պէտք ունինք` կանխելու եւ դիմագրաւելու համար նոր խայտառակ գործարքի մը կրկնումը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին դէմ:

Չ՛արժեր, անշուշտ, պատմական ճշմարտութիւնները յիշեցնել այս աստիճան «երդուեալ» հակադաշնակցականի մը, որ ելած է «պատմութեան դասեր» սորվեցնելու… լուսատիպ գրելով, թէ իբր «Փառք Աստուծոյ, պոլշեւիկների ճնշման շնորհիւ գոնէ յաջողուեց այդ հողերը պահել»…

Բայց հակադաշնակցական թոյնի նորօրեայ այս սրսկումները այնքան հետեւողական դարձած են համացանցի վրայ, որ անպայման կ՛արժէ պարբերաբար ժամանակ ու շունչ տրամադրել` անհրաժեշտ «հականեխում»ն ու «ախտազերծում»ը կատարելու համար:

Գոնէ պատմութեան քաջածանօթ չեղող երիտասարդ հայ ընթերցողը, այլ մանաւանդ խորհրդայիններու պատմական նենգափոխման «մնացորդով» սնած հայ երիտասարդը գիտնայ եւ սթափ դիմագրաւէ այնպիսի՜ անհեթեթութիւնները, ինչպիսիք են «զինուած ուժերով գերազանցում էինք թուրքերին» ձաբռտուքը… կամ` «բոլշեւիկների ճնշման շնորհիւ գոնէ յաջողուեց այդ հողերը պահել» պնդող չնաշխարհիկ «յայտնագործում»ը:

Իսկ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրին «խայտառակ» որակումը առաջին անգամ Դաշնակցութիւնը ի՛նք տուած է` ընդունելով թուրքեւխորհրդային սադայէլական «զինակցութեան» դէմ յանդիման իր պարտութիւնը եւ ստորագրելով անձնատուութեան այդ պայմանագիրը, որպէսզի կարելի ըլլար փրկել գոնէ ՎԷՄը.  թէկուզ խեղճացած Հայաստանի հողին վրայ համախումբ ապրող հայութիւնն ու հայոց պետականութեան նորահաստատ կռուանները:

Եւ եթէ «ուղղակի ծիծաղելի» բան մը կայ այս բոլորին մէջ, այդ ալ հակադաշնակցական մոլուցքի նորօրեայ մունետիկներուն այն ինքնագո՜հ պնդումն է, որ Հայաստանը 1920 թուականի հայ-թրքական պատերազմին «ջախջախիչ պարտութիւն» կրեց, այդ ալ… իբր «դաշնակցականների ապաշնորհ ղեկավարման պատճառով»:

Բուն հեգնանքը այս օրերուն նախ պնդելն է, որ «Հայաստանը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց թուրքերէն», որովհետեւ առանց Քեմալին օգնութեան փութացող Կարմիր բանակին եւ անոր հրահրած Հայաստանի հայ պոլշեւիկ-թաթար ներքին խռովութիւններուն, թրքական զօրքը զինուորական յաղթանակի հնարաւորութիւն չունէր: Ապա` թրքական սալին եւ ռուսական մուրճին միջեւ ճզմուած ու պարտութիւն կրած Հայաստանի կառավարութեան մեղադրելն է, որ իր «ապաշնորհ ղեկավարում»ն է… պատճառը տարածաշրջանի երկու գերտէրութեանց միացեալ գրոհը պարտութեան մատնելու իր անկարողութեան:

Ամէն պարագայի, եթէ հայ քաղաքական միտքը ամբողջ տասնամեակներ մերժեց համակերպիլ Մոսկուայի եւ անոր լծորդ Կարսի Պայմանագիրներուն, եթէ հայ քաղաքական օրակարգին վրայ շարունակ դրուեցաւ խայտառակ այդ դաշնագիրները ջնջելու անզիջող պահանջը, պատճառը բացառապէս Դաշնակցութեան մղած պահանջատիրական անխոնջ պայքարը եղաւ:

Դժուար է պատկերացնել, որ այս բոլորին տեղեակ չեն հակադաշնակցական ծանօթ թէ անծանօթ այն մունետիկները, որոնք այսպէ՛ս եւ մե՛ր օրերուն համացանցի միջոցով կը փորձեն աջ ու ձախ թափել իրենց… թոյնը:

Այդ թոյնը կը ծառայէ ամէնէն առաջ նոյնինքն ցեղասպան Թուրքիոյ, որ շատ լաւ գիտէ, թէ Հայաստանը Դաշնակցութեամբ չխոնարհող եղէգ է, իսկ առանց Դաշնակցութեան Հայաստանը` լաւագոյն պարագային Խորհրդային Հայաստանի տիպի համակերպող երկիր մը կրնայ ըլլալ, որ պատրաստ է համբուրելու եւ գլխուն դնելու այն ձեռքը, որ չի կրնար… կտրել:

Եւ եթէ հակադաշնակցական մերօրեայ մունետիկները ունին նուազագոյն նախանձախնդրութիւնը ջուր չհասցնելու Թուրքիոյ հակահայ` միշտ բանող ջաղացքին, արդէն ուշացած իսկ են, որպէսզի վերջնականապէս պարպեն իրենց մէջ կուտակուած թոյնը եւ մաքրուին խորհրդային դարաշրջանի կեղտաջուրերէն:

Բայց կը պարպուի՞, արդեօք, այսքա՜ն թոյնը:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES