ՔԷՕԼՆԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ՊԻՏԻ ԼՔԷ ԻՐ ԿԱԶՄԸ

Պունտըսլիկայի կազմերէն Քէօլնի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այս տարեշրջանի աւարտին մարզիչ Ֆրանք Շայեֆըր պիտի լքէ իր պաշտօնը` անձնական պատճառներով:

Ակումբին նախագահը` Վոլֆկանկ Օվըրեթ ըսաւ, որ մեր ամէն կարելին փորձեցինք` համոզելու համար Ֆրանքը, սակայն ան մնաց անդրդուելի:

Երբ անցեալ հոկտեմբերին Շայեֆըր իր պաշտօնը ստանձնեց Զվոնիմիր Սոլտոյէն, խումբը կը գրաւէր ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:

Սակայն այժմ անոր ներկայութեան խումբը հեռացած է այդ վտանգաւոր գօտիէն եւ 35 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES