ՃԱՓՈՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Երէկ, Ճափոնի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Քոզօ Թաշիմա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ որոշուեցաւ յառաջիկայ յուլիսին Արժանթինի մէջ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցիլ, հոգ չէ թէ խումբը ոչ այդքան զօրաւոր կազմով դաշտ պիտի ներկայանայ:

Նշենք, որ Ճափոն շուրջ տասը օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկրին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով մրցաշարքէն կը քաշուի:

Ասիոյ ֆութպոլի բաժակակիրը վերոնշեալ մրցաշարքին կը մասնակցի իբրեւ հիւր երկիր: Անիկա ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ դասուած է 13-րդ:

Ա. հանգրուանի մրցումներուն Ճափոնի մրցակիցները պիտի ըլլան Արժանթին, Պոլիվիա եւ Քոլոմպիա (Ա. խմբակ):

Share this Article
CATEGORIES