ՍՊԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ` 18 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄԷ ՄԸ ԵՏՔ

Նախանցեալ օր, Վալենսիայի մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի (ծանօթ` թագաւորի բաժակ անունով) աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան երկրին ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ իրարու «ոխերիմ» երկու կազմեր` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ:

18 տարուան սպասումէ մը ետք, մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ, տիրացաւ տիտղոսին` շնորհիւ 1-0 արդիւնքով արձանագրած իր յաղթանակին: Մրցումին միակ կոլը երկարաձգման ընթացքին գլուխով նշանակեց փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (103-րդ):

Անոր ազգակիցը` Ժոզէ Մուրինիօ, այսպիսով իբրեւ մարզիչ իր առաջին տիտղոսը շահեցաւ Ռէալի հետ:

Մրցումէն ետք, երբ Ռէալ Մատրիտի մարզիկները օթոպիւսով կը շրջագայէին Մատրիտի փողոցներուն մէջ, Սերճիօ Ռամոսի ձեռքէն օթոպիւսին անիւին տակ ինկաւ բաժակը, որ սակայն այդքան ալ չվնասուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES