ՖԵՏԻ ԹԱՊԵԹ` ՖԻՊԱ-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ՖԻՊԱ-էն տեղեկացած է, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի ազգային խումբերու ընդհանուր պատասխանատու Ֆետի Թապեթ ընտրուած է ՖԻՊԱ-ի երիտասարդներու յանձնախումբի անդամ: ՖԻՖԱ-ն իր այս յայտարարութիւնը կատարեց Լիոնէն (Ֆրանսա), ուր 12-13 ապրիլին գումարեց ժողով մը:

Բնականաբար ասիկա հետեւանք է Թապեթի թափած աշխատանքին եւ պասքեթպոլին նկատմամբ անոր ցուցաբերած գուրգուրանքին, որպէսզի լիբանանեան պասքեթպոլը տեղական առումով յառաջդիմութիւն արձանագրելէ բացի միջազգային գետնի վրայ եւս համբաւ ունենայ:

Ֆետերասիոնը եզրափակեց ըսելով, որ իր յաջորդ նիստին շնորհակալութեան խօսք պիտի փոխանցէ ՖԻՊԱ-ին, իսկ իր շնորհաւորանքի խօսքը` Թապեթի:

Share this Article
CATEGORIES