ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 16 ապրիլ 2011-ին հիմնուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղը: Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի «Բ. Քէօսէեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայկական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:

Վարչութիւնը նշանակուեցաւ հետեւեալ կազմով.

Նշան Պասմաճեան – Ատենապետ
Սեդա Պալիօզեան  – Ատենադպիր
Սիմոն Մանուկեան – Գանձապահ
Խաչիկ Սէպէեան – Խորհրդական
Սիւզի Գարաճեան – Խորհրդական

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածքին կ՛ապրին մեծ թիւով հայորդիներ` կեդրոնացած Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ: Անհրաժեշտ է անդուլ կերպով շարունակել հայապահպանման գործը եւ զարգացնել շրջանի մշակութային կեանքը:

Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք նորակազմ մասնաճիւղին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

21 ապրիլ, 2011
Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES