ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Անթիւ, անհամար սպաննուածներու լուսանկարներ, աւերակ եկեղեցիներու պատկերներ, արիւնալի խօսքեր, միջազգային օրէնք, սրտի խօսքեր, հայկական տարազ, եղանակ եւ պար: Չորեքշաբթի, 20 ապրիլի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, այս մթնոլորտին մէջ Ժիպէյլի Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի Հայկական ակումբը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը:
Բացման խօսքէն ետք, որ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն չհաւատալ թուրքին դիւանագիտական դիմակին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր խօսեցաւ Թուրքիան պատժելու միջոցներուն մասին, եւ ըսաւ. «Միջազգային օրէնքով, Թուրքիոյ այսօրուան պետութիւնը պատասխանատու է, եւ իրաւունք չունի մերժելու Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Ան կոչ ուղղեց Հայաստանի կառավարութեան դիմելու միջազգային դատարան` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու համար:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Սամեր Սաատէ իր կարգին խօսք առաւ եւ ըսաւ, թէ փաղանգաւորները միշտ նեցուկ կանգնած են այն բոլոր մարդոց եւ ի մասնաւորի հայերուն, որոնք ի գին կեանքի կը պաշտպանեն կրօնն ու ազգութիւնը:
Երկու դասախօսներուն խօսքերէն ետք Բալիկ Լատոյեան եւ Խաժակ Խաչատուրեան դաշնակով ու ջութակով նուագեցին «Կռունկ»ը, եւ վերջապէս` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի պարախումբը ամենայն գեղեցկութեամբ ներկայացուց հայկական պարը: Եւ յայտագիրը փակուեցաւ «Մենք ենք սարերը մեր» պարով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի ուսանողական խմբակցութիւնը Զատկուան առիթով իր կազմակերպած պատարագին ընթացքին նաեւ ուղղեց հոգեհանգստեան պատգամ` ի յիշատակ թուրք ջարդարարին սուրին տակ ինկած բոլոր զոհերուն եւ ի մասնաւորի հայերուն:
Այսպիսով, ամբողջ համալսարանը կրկին անգամ ծանօթացաւ Հայ դատին ու մշակոյթին, եւ տեսաւ, թէ թուրքին գործած աւերը տակաւին կը շարունակուի, եւ այնքան ատեն որ չի պատժուիր ան, մարդկութեան դէմ ոճիրները չեն դադրիր:
ԹՂԹԱԿԻՑ