Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ. «ՈՏՆԼՈՒԱՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԴԻՄԱՑԻՆԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՍԻՐՈՎ ՎԱՐՈՒԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ոտնլուայի կարգը` Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգի հանդիսաւոր արարողութիւն` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ոտնլուայի արարողութիւնը Աւագ շաբթուան ընթացքին հոգեւոր յատուկ մթնոլորտ ստեղծող արարողութիւն մըն է, որ կրկնութիւնն է այն դէպքին, որ Քրիստոս կատարեց նախքան խաչելութիւնը եւ վերջին ընթրիքը: Ոտնլուան կը սորվեցնէ դիմացինին նկատմամբ սիրով, բարի կամեցողութեամբ ու բարութեամբ վարուիլ եւ օգտակար ըլլալ անոր: «Քրիստոնէական առաքինութիւններն են սէրը եւ ծառայութիւնը», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Քրիստոս բացատրած է իր աշակերտներուն, որ իրենց կեանքի օրինակը` ծառայասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը, խաղաղ հոգին ցոյց պիտի տան, որ անոնք իր աշակերտներն են:

«Մենք Ոտնլուայի արարողութեան մէջ կը տեսնենք քրիստոնէական այս օրինակը», բացատրեց սրբազանը` աւելցնելով, որ ծառայութիւնը եւ սէրը մեզի ուժ կու տան, որ փոքրերուն ճիշդ դաստիարակութեան համար, քրիստոնէական դաստիարակութեան համար, առողջ դաստիարակութեան համար ծառայ ըլլանք եւ իրենց օգտին համար աշխատինք սիրով: «Ոտնլուայի արարողութիւնը մեզի կը սորվեցնէ ծառայութիւն, խոնարհութիւն` մղուած սէրէն», ընդգծեց Գեղամ արք. Խաչերեան եւ յորդորեց ներկաները իրենց կեանքին մէջ քրիստոնէական 2 սկզբունքները` ծառայութիւնն ու մարդասիրութիւնը օգտագործելու, որպէսզի կարենան արժանանալ Քրիստոսի Ոտնլուայի մթնոլորտին` իրեն հետ բաժին ունենալու համար երկինքի արքայութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES