«ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ

Միացեալ Նահանգներն ու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, ազրպէյճանցիները մտադիր չեն Ստեփանակերտի օդակայան ուղղուող քաղաքացիական օդանաւերը վար առնել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտըն յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներ այս հարցին կապակցութեամբ իրենց կեցուածքը յայտնած են, եւ քաղաքացիական օդանաւերը վար առնելու սպառնալիքները անընդունելի են»:

Կը նախատեսուի, որ Ստեփանակերտի օդակայանը բացուի մայիսին:

Share this Article
CATEGORIES