ՄԻՍՐԱԹԱՅԻ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Կառավարական ջախջախուած զրահամեքենայ

Քազզաֆիի ուժերը երէկ շարունակեցին ռմբակոծել Միսրաթան, հակառակ Արեւմուտքի կողմէ այդ ուժերուն դէմ զինուորական գործողութիւնները աշխուժացնելու սպառնալիքներուն: Ռմբակոծումին պատճառով երեք ըմբոստներ սպաննուեցան եւ 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Չորեքշաբթի օր Միսրաթայի մէջ արձանագրուած զոհերուն շարքին էին բրիտանացի եւ ամերիկացի լրագրող-լուսանկարիչներ, ինչպէս նաեւ ուքրանացի բժիշկ մը, որ սպաննուեցաւ, մինչ կը պատրաստուէր հեռանալ քաղաքէն` ընկերակցութեամբ իր հիւանդապահ կնկան, որուն ոտքը անդամահատուեցաւ:

Լիպիական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերը հարուածած են մայրաքաղաք Թրիփոլիի Խալլաթ Ֆարժան շրջանը` պատճառելով 7 զոհ եւ 18 վիրաւոր: Մինչ այդ ՕԹԱՆ քաղաքայիններուն կոչ ուղղեց` Քազզաֆիի ուժերուն գտնուած վայրերէն հեռանալու:

Մինչ Իտալիա յայտարարեց, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն օժանդակութեան համար մարզիչներ պիտի ուղարկէ եւ ոչ թէ խորհրդականներ, Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ մարզիչներ կամ խորհրդականներ ուղարկելու որեւէ ծրագիր չունին: Ֆրանսա եւ Բրիտանիա յայտնած են, որ խորհրդականներ պիտի ուղարկեն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խօսելով այս ծրագիրներուն մասին յայտնեց, որ մարտական խորհրդականներ Լիպիա ուղարկելը ցամաքային գործողութեան մը սկիզբն է: Մինչ այդ, Ֆրանսա երէկ յայտարարեց, որ Լիպիոյ վերեւ իր օդուժի թռիչքներուն թիւը բարձրացուցած է: Ֆրանսա մէկ օր առաջ նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Ապտել Ժալիլի միջեւ հանդիպումին ընթացքին խոստացած էր ըմբոստներուն օժանդակել:

 

Share this Article
CATEGORIES