ԸՍՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԻՐԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐՃԱՏԵՍ Է

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Նահիան Իրանին կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու Արաբական ծոցի շրջանին նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը, «որովհետեւ ներկայ քաղաքականութեան հեռատեսութիւնը կը պակսի»:

Ան ըսաւ, թէ ինք կը փափաքի, որ Իրան իր դրացիներուն հետ յարգանքով եւ գնահատանքով վարուի, ինչպէս նաեւ յարգէ Ծոցի երկիրներուն միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, եւ չմիջամտէ անոնց ներքին հարցերուն:

Միւս կողմէ, Քուէյթի փոխվարչապետ Մոհամետ Սապահ իր կարգին «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Պահրէյնի դէպքերուն մէջ Թեհրանի դերը, Քուէյթի մէջ ձերբակալուած իրանեան լրտեսական բջիջը մատնանշելէ ետք յայտնեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները կը մերժեն իրենց ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութիւնը:

Ան նշեց, որ հարցը Իրանի ընթացքին ու գործելաոճին մէջ է, որովհետեւ ան կը վարուի այնպէս, որ այլ երկիրներ իրեն ենթակայ են եւ ոչ թէ գերիշխան երկիրներ: Քուէյթի փոխվարչապետը յայտնեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները մեծ գրաւ դրած են Թեհրանի մէջ ողջամիտներուն վրայ, որովհետեւ անտրամաբանական է, որ Իրան մեծաթիւ դրացիներու հետ վատ յարաբերութիւններ ունենայ եւ շրջանային մեկուսացումի ենթարկուի: Ան հերքեց, որ խորհուրդի անդամ երկիրները իրենց շիի քաղաքացիներուն դէմ «շիիական խրտուիլակը օգտագործեցին»` հաստատելով, որ «յարանուանականութիւնը Արաբական ծոցին մէջ տեղ չունի»:

 

Share this Article
CATEGORIES