ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԸ ԵՄԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապուլ Լաթիֆ Զայանի երէկ Սանաայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հետ եւ անոր ներկայացուց երկրին մէջ տիրող եռամսեայ տագնապը լուծելու նոր նախաձեռնութիւն մը, որ պատրաստուած է այս շաբաթ եմէնեան իշխանութեան ու ընդդիմութեան հետ խորհուրդին հանդիպումներուն լոյսին տակ:

Ըստ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նոր ծրագիրը կը բովանդակէ ընդդիմութեան ղեկավարութեամբ Ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, իսկ Սալեհ մինչեւ 2013 երկարող իր նստաշրջանը կ՛ամբողջացնէ իբրեւ պատուոյ նախագահ: Սալեհի հրաժարելէն երկու ամիս ետք  ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան: Սակայն եմէնցի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ այդ ծրագիրը կը նախատեսէ երեք ամսուան ընթացքին կատարել իշխանափոխութիւն մը, որ նախագահական ընտրութեամբ կ՛աւարտի: «Ժազիրա»ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ կառավարական պատուիրակութիւնը 150 օրուան ընթացքին իշխանափոխութիւն նախատեսող ծրագիր մը առաջարկած է:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ առաջարկուած նոր ծրագիրին, ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կը կազմուի, Սալեհ իր լիազօրութիւնները կը փոխանցէ փոխնախագահին, ապա երեք ամիս ետք կը հրաժարի: Իշխանափոխութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեք ամսուան ընթացքին, որ կ՛աւարտի նախագահական ընտրութիւններով: Ծրագիրը կոչ կ՛ուղղէ բողոքի ցոյցերը անմիջապէս դադրեցնելու, եւ կը նախատեսէ համաձայնութեան ստորագրումէն մէկ ամիս ետք Սալեհի հրաժարիլը եւ իր լիազօրութիւնները փոխնախագահին փոխանցելը, ինչպէս նաեւ Սալեհի հրաժարելէն երեք ամիս ետք նախագահական ընտրութիւն:

Նշենք, որ Սալեհ կը մերժէ 2013-էն առաջ հեռանալ իշխանութենէն: Ան չորեքշաբթի օր դարձեալ յայտնեց, որ «դաւերուն եւ յեղաշրջումներուն» դէմ հաստատ կը մնայ: «Անոնք, որոոնք իշխանութիւնը կ՛ուզեն կամ իշխանութեան աթոռին տիրանալ կը փափաքին, պէտք է այդ մէկը կատարեն քուէատուփի միջոցով: Փոփոխութիւնն ու հեռացումը պիտի ըլլայ սահմանադրութեան օրինական շրջագիծին մէջ` քուէարկութեան ճամբով»:

 

Share this Article
CATEGORIES