«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ԷՐ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՖՐԵՏԸՐ

Բրիտանիոյ խորհրդարանի բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խմբակի անդամ պարոնուհի Շրիլայ Ֆրետըր երէկ Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր»:

Բրիտանահայկական երեսփոխանական խմբակը, որ խմբակի ղեկավար պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ինչպէս նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Բրիտանացի երեսփոխանները շեշտեցին, որ իրենք ցնցուած են Հայոց ցեղասպանութեան փաստը վկայող ապացոյցերէն, զորս տեսած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ:

«Իբրեւ բրիտանահայկական խմբակի անդամ` ես բաւական մանրակրկիտ կերպով իրազեկ դարձայ Հայոց ցեղասպանութեան, եւ ես գէշ զգացի, որ այդքան ապացոյցեր կան, սակայն մեր երկրին կառավարութիւնը տակաւին չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը», յայտարարեց Ֆրետըր:

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս իր կարգին անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը ինծի համար ցաւալի է: Շատ տխուր է, երբ երկրին ղեկավարութիւնը կ՛ապրի ճշմարտութիւնը ըսելու վախի մէջ: Լաւ բան չէ, երբ կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսել», յայտարարեց Քոքս` աւելցնելով, որ որեւէ ցեղասպանութեան ժխտումը եւ անպատժելիութիւնը պատճառ կը դառնայ նոր ցեղասպանութիւններու:

«Ցեղասպանութեան վէրքերը պիտի չսպիանան, եթէ չընդունուի ցեղասպանութիւնը: Ես որոշ ժամանակ առաջ Թուրքիա գտնուած եմ իբրեւ հիւանդապահ, եւ այնտեղի պաշտօնակիցները ինծի կ՛ըսէին, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ իրենք չեն կրնար անընդհատ սուտի մէջ ապրիլ: Սակայն նաեւ դուք տեղեակ էք, թէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսողները ի՛նչ սուղ գին կը վճարեն», նշեց պարոնուհի Քոքս` յիշեցնելով «Ակօս» օրաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES