ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Աննայա, ուր կը գտնուի Մար Շարպելի ճգնարանն ու դամբարանը: Աննայայի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը մատուցեց օրուան պատարագը: Պատրիարքը այսօր առաւօտեան Պքերքէէն կ՛արտասանէ Ս. Զատկուան իր պատգամը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան ոչ մէկ շահ ունի շրջակայ երկիրներուն, յատկապէս Սուրիոյ հարցերուն ու տագնապներուն միջամուխ ըլլալէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի կայանը երէկ սփռեց տեսագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժերը Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները կը նկատեն պատերազմի իսկական ճակատ մը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ համախմբումը ամէն գնով իր իրաւունքներուն պիտի տիրանայ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ֆինանսաւորուած սալաֆականներ մեղսակցած են Սուրիոյ վերջին դէպքերուն ընթացքին սուրիացի քաղաքայիններու սպանութեան գործողութիւններուն:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ կ՛ուսումնասիրէ նոր որոշում մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ պենզինի սակերը տուրքերէ վերջնականապէս զերծ պահել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիվ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա սառեցուցած են լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական բոլոր օժանդակութիւնները` հիմնական մտավախութիւն ունենալով այն, որ Հըզպալլա իր հակակշիռը կրնայ բանեցնել երկրին իշխանութեան վրայ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն ծիրին մէջ, տակաւին ոչինչ յստակ է ներքին գործոց նախարարութեան գծով»:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն վերաբերող տեսանիւթին մանրամասնութիւնները կը շարունակուին ուսումնասիրուիլ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական ապահովական խախտումներուն հետեւանքները անպայման պիտի հարուածեն Լիբանանը:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի առաջնորդներէն Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի ղեկավարները իրենք զիրենք դրած են Պշարա Ռայի պատրիարքին տրամադրութեան տակ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքի կրօնաւորներուն պիտի այցելէ եւ անոնց հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն նկատմամբ իր մտավախութիւնները:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթ. «Դամասկոս ճնշումներ կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի կառավարութիւնը յաւելեալ արագութեամբ կազմել»:

 

Share this Article
CATEGORIES