ՀԱՐԻՐԻ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ

Գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ  նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասան:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ պէտք է արգիլել Թրիփոլիի մէջ տեղի ունենալիք ցոյցը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ ապահովութեան ուժերը խիստ միջոցառումներու պիտի դիմեն այդ առումով, «հետեւաբար` պէտք է յարգել օրէնքները եւ ենթարկուիլ ապահովական ուժերուն տալիք ցուցմունքներուն, որովհետեւ ոչ ոքի պիտի արտօնուի խանգարել երկրին ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն պայմաններուն ընթացքին»:

Անդրադառնալով Սուրի մէջ երէկ արձանագրուած ապահովական միջադէպին, որոշուեցաւ հետաքննութիւն բանալ այդ առնչութեամբ եւ պատասխանատուութիւնները ճշդել տուեալ հարցին գծով:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն թղթածրարը եւ զանոնք փնտռելու ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ
ԵՐԿՐԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական լարուածութեան կացութիւնը նորութիւն չէ, այլ` սովորական է երկրի մը համար, ուր ժողովրդավարութիւն կայ` ընդգծելով, որ անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի բանակին դերակատարութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ բանակը համայնքային թէ կուսակցական կողմնորոշումներ չունի եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդուիլ:

Եարզէի մէջ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ ոչ մէկ սադրանք պիտի արտօնուի ո՛չ Լիբանանի մէջ եւ ո՛չ ալ Լիբանանէն դէպի այլ վայրեր:

 

Share this Article
CATEGORIES