ՍՈՒՐԻ ՄԷՋ ՕՐԻՆԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆՑ ՍԱՆՁՈՒՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԻ

Ոստիկանութեան պատկանող ինքնաշարժ մը` հրոյ ճարակ

Սուրի մէջ պետութեան պատկանող հողերուն վրայ բնակարաններու կառուցումը արգիլելու ընթացքին, ներքին ապահովութեան ուժերը եւ բանակը երէկ բախումներ ունեցան շրջանի բնակչութեան հետ: Արձանագրուեցաւ կրակոց, որուն պատճառով սպաննուեցան երկու քաղաքացիներ` Ալի Նասեր եւ Ուիսամ Թաուիլ, եւ վիրաւորուեցան աւելի քան տասը ուրիշներ:

Ըստ շրջանին բնակչութեան, ապահովական այս միջադէպերը սկսած էին նախանցեալ երեկոյեան, երբ ապահովութեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենք յաջորդ օրուընէ սկսեալ պիտի արգիլէին պետական կալուած նկատուող հողերուն վրայ շինարարական աշխատանքները:

Ապահովական ուժերուն ձեռամբ քաղաքացիներու շարքերուն մէջ զոհերու արձանագրութենէն ետք ժողովրդային ընդվզումը հասաւ իր գագաթնակէտին, որուն պատճառով շրջանի բնակիչները հրկիզեցին ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող երկու ինքնաշարժներ: Աւելի ուշ, Սուրի բնակիչները փակեցին նաեւ փողոցները:

Նշենք, որ ապօրինի այս բնակարաններուն թղթածրարը տասնեակ տարիներու վրայ երկարող հարց մըն է, եւ նախապէս բնակիչները համաձայն գտնուած են գործակցելու պետութեան հետ, սակայն բնակչութեան համար զարմանալի էր եւ ցաւալի, որ հարցը ապահովութեան ուժերուն կողմէ հասած է արիւնահեղութեան:

Սուրի բնակիչները պահանջեցին բացատրել, որ ինչո՞ւ նման վարուելակերպ ցուցաբերուած է իրենց նկատմամբ:

ՂՊԷՅՐԻԻ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ՆԻՍՏ

Ապօրինի բնակարանային համալիրներ եւ շէնքեր կառուցելու հարցով երէկ Ղպէյրիի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի պատասխանատուները` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Ամմարի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ արձանագրուած ապօրինի կառոյցներուն թղթածրարը եւ խստիւ դատապարտուեցաւ ամէն տեսակի օրինազանցութիւն` շեշտելով, որ հանդիպումին մասնակիցները ոչ ոք կը պաշտպանեն այդ գծով:

Հանդիպումին մասնակցող պատասխանատուները կոչ ուղղեցին ապահովութեան ուժերուն եւ ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ օրինական միջոցներով լուծելու այդ հարցը:

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երէկ իր ուժերէն ջոկատ մը` ընկերակցութեամբ լիբանանեան բանակի մէկ զօրամասին, ուղղուեցաւ Սուր` սանձելու համար օրինազանցութիւնները, որոնք կ՛արձանագրուէին պետական կալուածներուն վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ապահովութեան ուժերը հազիւ Սուր ժամանեցին, մեծ թիւով երիտասարդներ հաւաքուեցան ու փորձեցին իրենց դիմաց ճամբաները փակել, ինչպէս նաեւ քարկոծեցին զիրենք եւ կրակ բացին իրենց վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ապահովական ուժերը իրենց կարգին օդին մէջ կրակեն եւ ետ մղեն իրենց վրայ յարձակում գործող քաղաքացիները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմուեցաւ միացեալ յանձնախումբ մը, որպէսզի բացայայտէ միջադէպին ճշմարտութիւնը:

ԱՐԻՏԻ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ

Պետական կալուածներու վրայ բնակարաններ կառուցելու հարցին շրջագիծին մէջ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի հետ` կոչ ուղղելով անոնց ամէն ջանք ի գործ դնել սանձելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայանին շրջակայքը արձանագրուող օրինազանցութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES