Առողջապահական. Բուժման Ոչ Աւանդական Մեթոտներ

Ապրելակերպի փոփոխութեան հետ կապուած փոխուած են մարդիկ եւ անոնց գիտակցութիւնը, հետեւաբար փոխուած են հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժման մեթոտները: Բուժման որեւէ մեթոտէ օգտուելու պարագային, շատ կարեւոր է, որ անձը վստահ ըլլայ, որ ընտրած մեթոտը կ՛օգնէ իրեն, եւ կ՛ապահովէ բուժման յաջողութիւնը: Ոչ աւանդական մեթոտներէն են` սննդաբուժումը (dietotherapy), խոտաբուժումը (phytotherapy), բուրաբուժումը (aromatotherapy), մարձումը (massage), ասեղնաբուժում (acupuncture) եւ այլ արեւելեան հնագոյն բժշկութեան մեթոտները:

Ի՞նչ է ֆիթոթերափին.- Անիկա բուժում է բոյսերու օգնութեամբ: Մարդկութիւնը հազարաւոր բոյսերէն դարերու ընթացքին ընտրած է դեղաբոյսեր, ապա այդ գիտութիւնը փոխանցած է սերունդէ սերունդ: Միայն Հիփոքրատը նկարագրած է մօտ 250 դեղաբոյս: Համաշխարհային տուեալներով, ներկայիս յայտնի դեղերու 40 առ հարիւրը ունի բուսական ծագում, իսկ սրտային դեղերու պարագային` մինչեւ 90 առ հարիւր: Որպէս բնական միջոցներ, բոյսերէն ստացուած դեղամիջոցները մարմնին մէջ անցանկալի երեւոյթներ հազիւ թէ յառաջ բերեն: Դեղաբոյսերով բուժուելու նպատակով բոյսերը անհրաժեշտ է հաւաքել մաքուր վայրերէն, ճամբաներէն հեռու: Ամէն դեղաբոյս ունի իր հաւաքելու ժամանակը, ծաղկելէ առաջ կամ ծաղկած վիճակով: Արմատները կը հաւաքուին ուշ աշնան, կը չորցուին լաւապէս լուալէ ետք: Ըստ թիպեթեան բժշկութեան, բնութեան մէջ գտնուող բոլոր բոյսերն ալ պիտանի են, անհրաժեշտ է գտնել զանոնք, ճանչնալ եւ ճիշդ օգտագործել: Բուսաբուժումը յատկապէս խորհուրդ կը տրուի ձգձգուող հիւանդութիւններու համար: Սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ միեւնոյն բոյսը երկար օգտագործելով` մարմինը կը վարժուի անոր եւ ան այլեւս բաւարար եւ օգտակար ազդեցութիւն չ՛ունենար: Դեղաբոյսերը կ՛օգտագործուին փոշիի, թուրմի, թէյի, քսուկի ձեւով. կարեւորը անոնց ճիշդ չափերով պատրաստելն է, կամ լաւագոյն պարագային, կարելի է օգտուիլ անոնց պատրաստի դեղահատերէն: Ստորեւ կը ջանանք նկարագրել յաճախ հանդիպող եւ ծանօթ դեղաբոյսեր, որոնց դեղահատերը կարելի է գտնել դեղատուներու, իսկ բուժման մանրամասնութիւնները` համապատասխան գիրքերու մէջ:

Ալոէ (Aloe).- Զայն կ՛անուանեն տնային դեղարան: Ալոէն սենեկային բոյսերուն մէջ ամենալայն բուժական յատկութիւններով օժտուածն է: Կը պարունակէ 20 առ հարիւր եթերաիւղեր, 18 տեսակի ամինոթթուներ, խէժանման նիւթեր, միքրօ եւ մաքրօ էլեմաններ: Ըստ բոյսի տարիքին, կը փոխուին անոր բուժական յատկութիւնները: Օգտակար են երկու տարեկանէն վեր բոյսին տերեւները եւ կ՛օգտագործուի կեղեւներու միջեւ գտնուող դոնդողը, իսկ կոշտ շերտը կարելի չէ օգտագործել: Ալոէն չեն կրնար օգտագործել յղի կիները, արեան գերճնշում ունեցողները: Պէտք չէ օգտագործուի նաեւ աղիքային արիւնահոսութեան եւ երիկամներու հիւանդութիւններու ժամանակ:

– Այրուածքներու, մակերեսային խոցերու եւ արեւահարութիւններու պարագային, դանակով կիսել եւ դնել վնասուած մասերուն վրայ. կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ՛արագացնէ բուժումը:

– Ճառագայթային հիւանդութիւններէ ետք, քաղցկեղային հիւանդութիւններու ժամանակ 100 կրամ ալոէն, 500 կրամ ընկոյզ եւ 300 կրամ մեղր, պարբերաբար խառնելով, պահել մութ եւ զով տեղ: Օգտագործել մէկ թէյի դգալ օրը 3 անգամ, ուտելէ կէս ժամ առաջ:

– Աւիթամինոզներու, դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար, օրական 3 անգամ ընդունիլ հետեւեալ խառնուրդը. մսաղացէ անցընել կէս քիլօ ալոէ եւ ընկոյզ, խառնել 1,5 գաւաթ մեղրի հետ, ընդունիլ մէկ ճաշի դգալ ճաշէն յետոյ: Ցաւոտ դաշտանի ժամանակ մէկ թէյի դգալ ալոէի հիւթը խառնել դանակի ծայրով սեւ պղպեղի հետ, խմել օրական 2 անգամ, 3 օրէն ոչ աւելի:

– Հարբուխի ժամանակ ալոէի թարմ հիւթը 1/10 յարաբերականութեամբ խառնել ջուրով, կաթեցնել 2-3 անգամ քիթին մէջ:

– Մորթի թարախային բորբոքումներու ժամանակ հաւասարապէս խառնել թարմ հիւթը եւ ձիթապտուղի ձէթը, շեշը թաթխել անոր մէջ, դնել բորբոքած մորթին վրայ եւ ձգել ամբողջ գիշերը:

Անանուխ.- Անոր վայրի տեսակը կը կոչուի դաղձ: Կ՛օգտագործուի բոյսի տերեւները, որ կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին: Անիկա հարուստ է եթերաիւղերով, որոնց քանակը ծաղիկներու մէջ կը կազմէ 4-6, իսկ տերեւներու մէջ 2-3 առ հարիւր: Իր պարունակած 40 առ հարիւր եթերաիւղերու շնորհիւ կը հանդարտեցնէ աղիքներու կծկումները, կը հանգստացնէ սրտխառնուքը, ունի մարսողութիւնը լաւացնող եւ լեղամուղ յատկութիւն: Կ՛օգտագործուին չոր եւ թարմ համեմունքներու ձեւով` ճաշերու եւ աղցաններու պատրաստութեան ժամանակ: Անանուխի ծաղիկը եւ տերեւները լայն կիրարկութիւն ունին նաեւ թէյի ձեւով: Բժշկութեան մէջ դաղձը կ՛օգտագործուի ամբողջութեամբ` ծաղիկը, տերեւները եւ արմատը:

Ուրց, ծոթրին.- Հարուստ է եթերաիւղերով եւ ֆլաւոնոյիտներով, ունի սուր, բայց հաճելի բոյր: Բուժման նպատակով կ՛օգտագործուի անոր վերգետնեայ մասը, կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին: Ուրցը, չոր վիճակով, իր յատկութիւնները կը պահպանէ մինչեւ 3 տարի: Դեռ հին ժամանակներէ զայն կ՛օգտագործէին ձգձգուող, չոր հազի, թոքերու բորբոքումներու պարագաներուն: Ուրցը ունի ստամոքս-աղիքային աշխատանքը բարելաւող, հականեխիչ, աղիքներու կծկումը հանգստացնող, կազամուղ, արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն: Չոր ուրցը աւելցնել եռացող ջուրին, քառորդ ժամ վերջ օգտագործել ջրաթուրմի ձեւով: Չոր ուրցով կը համեմեն միսերը եւ աղցանները:

Կատուախոտ (Valeriane).- Բուժական նպատակով կ՛օգտագործուի անոր կոճղարմատը, որ կը հաւաքուի վաղ գարնան կամ ուշ աշնան: Ժողովրդային բժշկութեան մէջ անիկա կ՛օգտագործուի որպէս ջիղերը հանգստացնող, մարսողութիւնը լաւացնող, քունը կարգաւորող, սրտի արագ զարկերը վերացնող միջոց: Ուղեղի արեան շրջանառութեան խանգարման եւ սրտային հիւանդութիւններու ատեն, պառկելէն առաջ 2-3 անգամ ներշնչել անոր ալքոհոլային լուծոյթը: Լայն կիրարկութիւն ունին անոր դեղահատերը, որոնք կարելի է ձեռք բերել դեղարաններու մէջ, valerian կամ normocalm անունով: Ծխախոտի մոլուցքէ ազատելու համար օգտագործել valerian-ի դեղահատերը:

Հազրեվարդ – խնկունի (Rosemary).- Մշտադալար, բազմամեայ բոյս է: Հարուստ է եթերաիւղերով, ունի հակակծկողական (antispasmodic) հանգստացնող ազդեցութիւն, կը հանդարտեցնէ հազը, կը խթանէ լեղապարկի աշխատանքը: Կարելի է զայն գործածել ինչպէս թուրմերու, այնպէս ալ դեղահատերու ձեւով:

Երիցուկ – պապունիճ (Cammomil).- Միամեայ բոյս է, բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուին անոր ծաղիկները եւ տերեւները: Օգտակար է հաստ աղիքի, ստամոքսի բորբոքումներու, աղիքային կազերու ժամանակ: Ունի մանրէասպան յատկութիւն, կ՛օգտագործուի ողողումներու եւ լուացումներու ձեւով` բորբոքումներու պարագաներուն:

Նիւենի, տենդածառ (Eucalypus).- Սուր, երկար եւ բուրումնաւէտ այս ծառի տերեւները հարուստ ըլլալով եթերաիւղերով, ունին խորխաբեր, հականեխիչ յատկութիւն:

Նարդոս (Lavander).- Բազմամեայ բոյս է, որ պէտք է հաւաքել ծաղկման շրջանին: Պարունակած եթերաիւղերը անոր կու տան իւրայատուկ մեղմ բոյր, որ կ՛օգնէ հանդարտեցնելու ջղային համակարգը: Ու նաեւ մանրէասպան յատկութիւն:

Սամիթ (Dill). Միամեայ խոտաբոյս է, որ կը պարունակէ եթերաիւղեր: Բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուին արմատները, տերեւները եւ սերմերը: Անիկա օգտակար է մարսողական խանգարումներու, անքնութեան, տարբեր ծագումի խիթերու բուժման համար, ունի նաեւ ստամոքս-աղիքային պրկումը հեռացող միզամուղ եւ կազամուղ յատկութիւն: Կ՛օգտագործուի որպէս թարմ եւ չոր համեմունք` ճաշերու եւ աղցաններու մէջ: Կը բարձրացնէ կաթնարտադրութիւնը:

Աղտոր (Sumac).- Բազմամեայ թուփ է, լուսասէր, հողի եւ ջուրի նկատմամբ` ոչ պահանջկոտ: Անոր տերեւները կը պարունակեն 25-35 առ հարիւր տապաղանիւթեր, որմէ 15 առ հարիւրը թանինն է: Բժշկութեան մէջ կ՛օգտագործուին աղտորի` սումախի տերեւները եւ պտուղը, բուժելու համար սրտխառնուքը, փորհարութիւնը, միզամանի եւ լինտերու բորբոքումները: Աղտորի տերեւներու մզուածքը թրջոցներու ձեւով օգտակար է սննդախանգար խոցերու ու քոսի պարագային:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Ինչպէ՞ս Վարուիլ Հայհոյող Երեխային Հետ

Զարգացման ընթացքին երեխաները յաճախ կ՛ընդօրինակեն մեծերու շարժուձեւերն ու խօսքերը:

Եթէ ձեր երեխան, պատահաբար, ոեւէ մէկէն հայհոյանք կամ որեւէ վատ բան լսեր եւ մտապահեր է, խուճապի մի՛ մատնուիք: Կարելի է սրբագրել սխալը եւ սորվեցնել, որ չկրկնէ զանոնք:

Ինչպէ՞ս վարուիլ երեխային հետ

– Եթէ ձեր փոքրիկը երկու-երեք տարեկան է, նկատի ունեցէք, որ կը հայհոյէ կամ անյարմար բառեր կ՛արտասանէ ոչ այն պատճառով, որ անոնց իմաստը ըմբռնած է ու կ՛ուզէ գործածել, այլ պարզապէս որպէսզի ուշադրութիւն գրաւէ: Երեխան կը նկատէ, որ որոշակի բառեր արտասանելէ ետք բոլորը իրեն կը նային եւ կը սկսի այդ բառերը աւելի յաճախ օգտագործել: Նման պարագայի, լաւագոյն միջոցը արհամարհելը, ուշադրութիւն չդարձնելն է:

Եթէ կարենաք դիմանալ եւ քանի մը օր կամ քանի մը շաբաթ անտեսել երեխային արտասանած հայհոյանքները, շատ հաւանական է, որ փոքրիկը շուտով կը մոռնայ զանոնք:

– Հինգ-եօթը տարեկան երեխաները աւելի լաւ կը հասկնան հայհոյանքներու եւ նմանատիպ բառերու նշանակութիւնը: Անոնք արդէն կը գիտակցին, որ այդ խօսքերը վիրաւորական են: Ան վիրաւորական այդ խօսքերը կ՛օգտագործէ վէճի ժամանակ` փորձելով խոցել, ցաւցնել դիմացինը:

Եթէ ձեր զաւակը նոր սկսած է նման բառեր գործածել, ջանացէք խօսքով, բացատրութեամբ կարգի բերել զայն, ի հարկին խրախուսելով եւ վարձատրելով:

Իսկ եթէ ձեր զաւակը սահմանը անցած է եւ կը շարունակէ այս վատ սովորութիւնը, մտածեցէք պատիժի մասին:

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ դուք ձեր ջիղերուն տէրը ըլլաք եւ ջանաք նման բառեր չգործածել, յատկապէս` ձեր զաւկին ներկայութեան: Երբ ծնողը ինքզինքին իրաւունք կու տայ հայհոյանք կամ անվայել խօսքեր օգտագործել, ապա պէտք չէ սպասել, որ տուեալ ծնողի մը երեխան ըլլայ կիրթ եւ դաստիարակուած:

Միշտ հետեւեցէք ձեր խօսքերուն` անբաղձալի կացութիւններու առջեւ չգտնուելու նպատակով: Նոյնպէս ալ ձեր հիւրերուն, ընկերներուն եւ հարազատներուն կրնաք զգուշացնել, որ ձեր տան մէջ ընդհանրապէս խօսին մաքուր հայերէն, յատկապէս` երեխաներուն ներկայութեան:

 

Խոհագիր

Ոլորուած Եւ Շերտուած Բանջարեղէններ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 200 կրամ դդում
– 150 կրամ ստեպղին
– 300 կրամ սմբուկ
– 2 լոլիկ
– 250 կրամ ֆիլատելֆիա, ճերմակ պանիր
– 30 կրամ կանաչ սոխ
– Աղ, համեմ

Պատրաստութիւն

Բանջարեղէնները շատ բարակ շերտել եւ խորովել: Սեղանին վրայ տարածել կերպընկալ թերթ մը, վրան յարկ-յարկ շարել, աղել ու համեմել խորոված սմբուկները, ստեպղինները, դդումները եւ վերջապէս` լոլիկները:

Կերպընկալ թերթը երկայնքին ինք իր վրայ քիչ-քիչ ոլորել, մինչեւ որ բոլոր բանջարեղէնները գլանաձեւ ձեւ ստանան. զետեղել սառնարանը եւ պահել առնուազն 2 ժամ:

Հրամցնելու ժամանակ սառնարանէն հանել, շերտել եւ բաց ամանի մը մէջ շարել:

Շերտերուն կեդրոնը լեցնել պանիրը, որուն աւելցուցած ըլլաք շատ մանր մանրուած կանաչ սոխը:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Գեղօն Ու Տաղ`
Ի Պատիւ Հայ Մատենադարանին

 

 

 

 

 

 

 

Ու անցեալի լռութեան յոյզով բեղուն այս ժամին
Թէեւ բզզում են իմ մէջ զգայարան ու կորով,
Բայց ի՜նչ հանդէս խեղճութեան, դատակնիք անքնին`
Դէմքի մի թել խորշումով, այս աչքերով, ձեռքերով
Պարփակելու ելնել քեզ,
Ահագնութի՜ւն ընկլուզիչ:

Հայը ոչի՛նչ չկերտեց այնքան երկար, ինչքան քե՛զ,
Այնքան, այնքա՜ն մեղուաջան:
Թէ քեզ շարէր վէմ առ վէմ, մարմար-մարմար,
դու գիտե՜ս,
Մեհենական տարիքով կը կանգնէիր վաղնջուց`
Մեր տաճարներն ապացոյց,
Որոնք այնքա՜ն են ստուար, որ սրբատաշ մեր երկրում
Պատահական կածա՛նն իսկ
Զոյգ մատուռի կամ վանքի գաւթի դարպասն է հրում:
Եթէ նա քեզ ագուցէր փողրակ-փողրակ, ինչպէս մեր
Ջրանցքներն են ու ջրմուղ`
Դեռ դարերի մէջ անյուշ` Արազից խազ կը խմէր,
Արարատի լանջերէն աճած թաւուտն երկնամուխ…
Սակայն թեզա՛ն առ թեզան հինեց քեզ Հայն յարաժամ,
Մասնիկ-մասնիկ բրգացրեց, հայսեց հիւլէ առ հիւլէ,
Պատահեց որ անաւարտ թողեց ամրոց ու տաճար,
Բայց հոգեվա՛րքն իր անգամ
Ամենեւին չդարձաւ դեռ մահառիթ մի պատճառ,
Որ քեզ բջիջ առ բջիջ չխարսխէր, չձուլէ՜ր:

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԼԻՔԵԱՆ

(Հատուած)

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )