ՏԷՐ ԶՕՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
Տէր Զօրը հայերուն համար պատմական եւ յուզական տեսանկիւնէ մեծ նշանակութիւն ունեցող քաղաք մը կը համարուի, սակայն արդեօք որքանո՞վ ծանօթ ենք այդ քաղաքին:
Սոյն ուսումնասիրութիւնը, որ հիմնուած է սուրիական շարք մը պատմական եւ ուսումնասիրական աղբիւրներու վրայ, մեծապէս կ՛օգնէ ծանօթանալու Տէր Զօրի շրջանին` պատմական անուանումէն սկսեալ մինչեւ քաղաքի կազմաւորումը, բնակչութիւնը եւ հնագիտական վայրերը:
Տէր Զօրի շրջանի մասին ընդհանրապէս արաբ կամ սուրիացի հետազօտողները հիմնուած են, որպէս սկզբնաղբիւր, օտար ճանապարհորդներու նամակներուն եւ տեղեկագիրներուն վրայ:
Այս իմաստով իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն անգլիացի ճանապարհորդ լէյտի Անն Պլենթի յուշերը, ուր ան կը նկարագրէ պետեւի ցեղախումբերը` Ալ-Անեզա, Շըմմար, Ալ-Հատիտի եւ այլն:
Նկարագրելով Տէր Զօրը` ան կը գրէ. ««Տէրը» բնակուած էր արաբ գիւղացիներով, որոնք քաղաքի հիմնադիրներն էին, մաս մըն ալ եկած էր Մուսուլէն եւ Ուրֆայէն: Անոնք կ՛ապրէին ալ-անեզա ցեղէն անկախ, սակայն կը նեղանային թուրքերու միջամտութենէն: Անոնք պաշտպանեցին քաղաքը»: Ապա «Տէրը» անցաւ փաշաներու հանգրուան, Հալէպի կառավարիչի իշխանութեան տակ, որ յայտարարեց, թէ Եփրատի վերին հոսանքի բաժինը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէ:
ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԱՆՈՒԱՆՈՒՄԸ
Տէր Զօր քաղաքի ամէնէն հարազատ նկարագրութիւնը ԺԳ. դարու արաբ աշխարհագրագէտ Եաքութ Համուիի յիշատակութիւնն է:
Տէր Զօր անուանումին մասին ուսումնասիրութիւններու ընթացքին կը թելադրուի դիմել անպայման Եաքութ Համուիի բացատրութեան: Ան իր «Երկիրներու հանրագիտարան» աշխատութեան մէջ «Տէր Զօր»ի ակնարկելով` առաջին անգամ յիշատակած է «Տէր ար-Ռումման» (նուռի վայր) անուանումը:
Վայրը բացատրելու համար կ՛ըսէ. «…մեծ քաղաք` անապատային շուկաներով, Ռագգայի եւ Խապուր գետի միջեւ, ուրկէ կ՛անցնին Իրաքէն Շամ գացող կարաւանները»:
Միւս կողմէ, ըստ «Արաբական հանրագիտարան»ին, Տէր Զօր ճանչցուած էր միայն «Ատ-Տէր» անունով, մինչեւ 1864 թուական: Արաբերէն «Տէր» բառը կը նշանակէ վանք, հետեւաբար «Տէր» կոչուած է արուեստական բլուրի մը մէջտեղը գոյութիւն ունեցող հոգեւորականներու վանքին պատճառով:
Հետագային, երբ օսմանցիները քաղաքը ընտրեցին որպէս սանճագի վարչական կեդրոն, «Ազ-Զօր» բառը աւելցուցին` նկատի առնելով, որ «Զօր» կը նշանակէ խիտ ծառեր` Եփրատ գետի եզերքին պարտէզներու եւ ծառերու առկայութեան պատճառով:
Այլ բացատրութեամբ, «Տէր» բառը կը ստանայ վայր իմաստը: Հետեւաբար, ըստ պատմական տուեալներուն, քաղաքը ունեցած է զանազան պատմական անուանումներ: Օրինակ` «Տէր ար-Ռահպան» (վարդապետներու վայր), «Տէր առ-Ռումման» (նուռի վայր)` նռնենիներու առատութեան պատճառով, իսկ անապատի բնակիչները շրջանը կոչած էին «Տէր աշ-Շուար», այսինքն` բանաստեղծներու վայր (շուաար, եզակին` շաէր, արաբերէնով կը նշանակէ բանաստեղծ), քաղաքին մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներու գոյութեան համար. անոնցմէ յայտնի է բանաստեղծ Մոհամետ Ֆուրաթին:
Կայ այլ տեսակէտ մը եւս, թէ Տէր Զօր բառը առնուած է ասորի Տէր Զաուր անուանումէն, որ ճանչցուած էր որպէս փոքր վանք: Հետագային անոր վրայ կառուցուեցաւ Տէր Աթիքը (հին վայր):
Սակայն, օսմանեան վարչական բարենորոգումներու ժամանակ կը կոչուէր «Տէր ար-Ռահպա», մօտակայ քաղաք Մայատինի Ռահպա Մալեք պին Թաուքի համաձայն: Իսկ 1864-ին, օսմանեան երկրորդ վարչական բարենորոգումներու ժամանակ Տէր Զօրը դարձաւ Մութասարիֆիէթ Տէր Զօր, անջատուած Հալէպէն եւ կապուած` Պոլսոյ: Ապա ան դարձաւ Լիուա Զօր, իսկ երեսունականներէն մինչեւ օրս` Տէր Զօրի նահանգ:
Տէր Զօրի անուանումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր տեսակէտներ եւ բացատրութիւններ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.
– Օմայետներու ժամանակաշրջանին կը կոչուէր Տէր Հաթլիֆ, իսկ տասներորդ դարուն ան կոչուեցաւ Ատ-Տէր:
– Կարգ մը եւրոպացի ճանապարհորդներ զայն կոչած էին Տէր Ասաֆիր (թռչուններու վայր), այդտեղ բազմաթիւ թռչուններու գոյութեան պատճառով:
– Տէր Զօրը անուանուած է նաեւ Աժուժ (արաբերէն «աժաժ» կը նշանակէ մրրիկ), յաճախակի մրրիկի պատճառով:
– Շատեր կ՛ենթադրեն, որ «Զօր» թրքերէն բառ է եւ կը նշանակէ դժուարութիւն, մինչ «Զօր» արաբերէն կը նշանակէ անտառ:
– Օսմանցիները զայն կոչած են որպէս բարդ բառ «Տէր Զօր»` հետեւեալ բացատրութեամբ. «Տէր» կը նշանակէ վայր կամ տուն (արաբերէն` տար), սակայն պետեւիներուն մօտ ընդունուած էր «Տիրա», որ կը նշանակէ վայր: «Զօր» ունի զանազան բացատրութիւններ.
– Վայր, ուր գետը կը թեքի հակառակ ուղղութեամբ:
– «Զօր» բայէն, որ կը նշանակէ ծուռ կամ կոր` մատնանշելով գետի կորութիւնը:
– Սերած` «Զաիրա» բառէն, որ կը նշանակէ ջուրէ եւ եղէգէ անտառ:
Տէր Զօր ունեցած է տարբեր անուանումներ. օրինակ` «Ազօրա» քաղաքի անունէն:
Սակայն լեզուագէտները «Տէր» բառին կու տան հետեւեալ բացատրութիւնը.
– Աղօթատեղի:
– Արամէական «Ժտերթա» կամ «Ժտերա» քաղաքի անուանման աղաւաղուած ձեւ, հետագային` «Տէրթա» կամ «Տէրա», որուն վայրը կը համընկնի Տէր Զօրին:
– «Տէրա» կամ «Տիրա», այսինքն` վայր:
Իսկ «Զօր» բառը կը նշանակէ.
– Խիտ ծառեր կամ անտառ:
– Դաշտավայր, նկատի ունենալով Եփրատի դաշտավայրը:
– Խումբի տէր, մատնանշելով այն քաղաքը, որ տիրած էր շրջանին:
Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն անջատուեցաւ, 1865-ին:
Անհրաժեշտ է յիշել, թէ հռոմէական ժամանակաշրջանին Եփրատ գետի վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:
Անուանումի զանազան բացատրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ «Տէր Զօր» բառը երեւան եկած է ԺԹ. դարուն:
ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐԸ
Տէր Զօրի հնագիտական վայրերը կարելի է յիշել հետեւեալ ձեւով.
«Թել Պաքրաս» եւ «Մարի» (Թել Հարիրի), որ կ՛ընդգրկէ երկու վանքեր` «Թարքա» (Աշարա գիւղի հին անունը), «Ռահպա Մալեք պին Թաուք», «Քրքիսիա» (ներկայիս Թել Պըսերա), «Տորա Օրուիոս» (Սալհիէ), «Հալապիա Զալապիա», «Թել Շէյխ Համատ» եւ «Պաղուզ»:
Հետազօտողները յետ ուսումնասիրութիւններու եկած են այն եզրակացութեան, որ ներկայ քաղաքի հին վայրը կը գտնուէր Տէր Աթիք (հին վայրի) շրջանին ներքեւ: Տէր Աթիքի շրջանը կը գտնուէր Եփրատի եզերքին: Քաղաքին այդ շէնքերը կառուցուած էին արուեստական բլուրի մը վրայ, որ իր մէջ կը պարունակէր հինգ քաղաքներու աւերակները եւ հնութիւնները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի տարբեր ժամանակաշրջանի: Այդ բլուրը 1968-ին վերացուեցաւ եւ անոր տեղ բարձրացաւ Քուսուր թաղամասը:
Եփրատ գետի վրայ տեղադրուած կամուրջները.
1960-ական թուականներէն առաջ քաղաքին մէջ կային միայն երկու փայտէ կամուրջներ` «Աշարա» եւ «Հին Ապու Քամալ»:
Իսկ ներկայիս կան տասը կամուրջներ.
– «Նախագահ Ասատ», կառուցուած` 1987-ին:
– «Սուսա», կառուցուած` ֆրանսական խնամատարութեան ժամանակ:
– «Աշարա» ռազմական կամուրջ է, երկաթէ եւ փայտէ, կառուցուած` 1960-ին:
– «Մայատին»:
– «Հասաքէ» կամ «Հաթլա», կառուցուած` 1968-ին:
– «Քնամէ»:
– «Աթիք» (հին կամուրջ) կամ (փոքր կամուրջ), կառուցուած` փոքր Եփրատի վրայ, 1905-ին:
– «Մուալաք» (կախուած կամուրջ), կառուցուած` մեծ Եփրատի վրայ, յատկացուած է հետիոտն երթեւեկի:
– «Ժուրա», կառուցուած` 1968-ին:
– «Հուեժա Իպն Սաքըր», կառուցուած` 1987-ին:
ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ
Տէր Զօրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը սերի արաբական հետեւեալ տոհմերէն.
– Պակկարա, կը բաժնուի երեք ցեղախումբերու` ապիտ, պուսըլթան, ապետ եւ ըկետաթ:
Յիշենք նաեւ, որ աշխարհագրական-ընկերային շարք մը ուսումնասիրութիւններու մէջ հայերու ներկայութիւնը չէ յիշատակուած, այլ յիշուած է, որ բնակչութիւնը կազմուած է բացարձակապէս արաբներէ. շրջանի բնակիչներուն կազմութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով.
– Արաբ ցեղերէ, որ վերջին չորս դարերու ընթացքին կազմաւորուած են եւ հոն հաստատուած` ԺԹ. դարու վերջաւորութեան: Կը զբաղին հողագործութեամբ կամ անասնաբուծութեամբ, եւ հին արաբներէ, որոնք հաստատուած են պատմական քաղաքներուն մէջ:
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
(Շար. 1)