Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցիչները Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ առաքելական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչներ եւ ուսուցիչներ 12, 13, 14 հոկտեմբերին ունեցան իրենց եռօրեայ համագումարը: Կիրակի, 14 հոկտեմբերին ներկայ գտնուեցան Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեպարար պատարագին: Անոնք հաղորդուեցան եւ իրենց ուխտը վերանորոգեցին Աստուծոյ առջեւ ծառայելու Հայ եկեղեցիին, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուղիով, հայ աշակերտին ուսուցանել Աստուածային հաւատք, Աւետարանի ուսուցում, աղօթք, սաղմոս եւ հոգեզմայլ շարականներով լիցքաւորել անոնց հոգիներն ու սրտերը:

Օրուան պատարագիչն էր Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, իսկ քարոզիչը` Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան:

Սարգիս քահանայ քարոզէն առաջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանին, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան` ըսելով. «Այսօր ուրախութիւն է մեր բոլորին համար ըլլալ այս եկեղեցիին մէջ եւ աղօթել առ բարձրեալն Աստուծոյ եւ լեցուիլ Աստուծոյ օրհնութեամբ: Սիրալիր հրաւէր: Կրկին անգամ կ՛ուզեմ մեր բոլորին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնել տէր հօր, պատկան մարմիններուն եւ մեր սիրելու հաւատացեալներուն»:

Ապա տէր հայրը իր քարոզին իբրեւ նիւթը ընտրած էր Քրիստոսի առակներէն «Այրի կնոջ լուման» եւ «Թարգմանչաց տօն»-ը: «Խօսեցաւ հակիրճ եւ իմաստալի: Յիշեց մեր թարգմանիչները, որոնք թարգմանած են Աստուածաշունչը – «Թագուհի թարգմանչաց»-ը, որ Սահակ հայրապետ կոչած է «Աստուածաշունչ» քանի այնտեղ կայ Աստուծոյ շունչը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` կիրակնօրեայի հանգուցեալ ուսուցիչներու հոգւոյն համար:

Եկեղեցւոյ հովիւը, թաղականութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը կէսօրուան ճաշի հրաւիրած էին ուսուցիչները:

Դպրոցին հանդիսասրահը տարբեր մթնոլորտի մէջ էր: Աւելի քան 80 հոգի. ճոխ սեղաններու շուրջ նստած են: Ոչ ոք ինքզինք օտար կը զգայ: Մտերմիկ, ջերմ եւ բարձր տրամադրութիւն` բոլորին քով:

Սարգիս քահանայի կէսօրուան ճաշի աղօթքէն ետք սկսաւ ճոխ յայտագիրը: Յայտագիրին մասնակցեցան իւրաքանչիւր դպրոցէն ուսուցչուհիներ` իրենց երգերով, խմբերգներով, զուգերգներով եւ արտասանութիւններով: Թաղականներ Հայկազ Կէօքկէօզեան եւ Մ. Կէօքկէօզեան անմասն չմնացին` իրենց առինքնող ձայներով յայտագրին մասնակցելով:

Ղեւոնդ քհնյ. աւարտին սրտի խօսքը ըսաւ: Շնորհակալութիւն յայտնեց իր աւագ եղբօր, որ` «այս պատիւը ընծայեց մեր եկեղեցիին եւ ահա, այսօր բոլորս համադամ ճաշերով եւ աղանդերներով ճոխացուած այս սեղաններու շուրջ նստած ենք որպէս մէկ տան անդամներ: Այս մէկը կ՛ուզէի նմանցնել ձուկի օրինակին: Եթէ ձուկը կ՛ուզենք գնել, կը հոտոտանք գլուխը` անոր թարմութիւնը ստուգելու համար: Այդպէս ալ կրնամ ըսել, քանի կիրակնօրեայ վարժարաններուն գլուխը իմ աւագ եղբայրս է, հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասարկուն, աշխուժ պատասխանատուութեան գիտակից տէր Սարգիսը, անկասկած մեր կիրակնօրեայ  վարժարաններու յաջողութիւնը կ՛ըլլայ ակներեւ եւ յարատեւ: Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն եւ բոլորիդ: Աստուծոյ օրհնութեամբ ձեր գործը ըլլայ միշտ յաջող»:

Խօսք առաւ նաեւ թաղականութեան ատենապետ Յարութիւն Կէրկէրեան: Ան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց տէր հօր եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու բոլոր նուիրեալներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց սուրբ առաքելութեան:

Տէր հօր «Պահպանիչ»-ով եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու քայլերգով վերջ գտաւ հրաւէրը:

Լ. Թ.

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )