ԿԻՒԼՊԵՆԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Իր «Մահազդներ» վերնագիրով գիրքին մէջ Սարոյեան մեզի կը ներկայացնէ մահուան մասին ինքնատիպ մտորում մը` նշելով, թէ մեր միակ հաւանական պատասխանը անոր` մեր ապրելու կերպն է:

Սիրտով պոհեմական մը` Կիւլպենկ, բազմագոյն մարդ մըն էր: Գործնական եւ իրապաշտ, համեստ` կեանքի մասին իր արտայայտութիւններուն մէջ, բայց առատաձեռն բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու հետ` թէ՛ սիրտի, եւ թէ ընտանեկան հարցերու մէջ: Ան «սրտակից» բարեկամ մըն էր Մարալին եւ ինծի. առաջինն էր, որ ողջունեց մեզ Սէուտական Արաբիոյ անապատներուն մէջ, առաջինը, որ կեանքի ուղղութիւն տուաւ մեզի «օտար ամայի ճամբէքի վրայ» եւ միշտ առաջինը` մեզի սորվեցնելու դժուարութիւնները խնդուքով շրջանցել: Այն քսանութ տարիներուն ընթացքին, երբ մենք ճանչցանք Կիւլպենկը, ան մեզ որդեգրեց իբրեւ իր քոյրն ու եղբայրը, եւ մենք դարձանք անմիջական ընտանիք մը:

Այսօր մենք կը սգանք մահը բարեկամի մը եւ ընտանիքի անդամի մը:

Աւանդութիւն եղած էր ուրբաթ օրերը կէսօրուան ճաշ ուտել միասին մեր տան մէջ: Ան պարտաճանաչօրէն ներկայ կ՛ըլլար` մեզի ընկերանալու համար, ինչպէս նաեւ «համեմելու» մեր ճաշասենեակի խօսակցութիւնը: Այն ցաւակցական հեռաձայնները, զորս ստացանք բարեկամներէ աշխարհի չորս կողմէն կը վկայեն այն մասին, թէ` անոնք եւս զինք որդեգրած էին իբրեւ անդամ մեր ընտանիքին: Մեծ դժուարութեամբ սրտի խօսքս կը փոխանցեմ այսօր, չեմ գտներ այն մխիթարական խօսքերը, զորս բոլորս պէտք ունինք` հասկնալու համար Կիւլպէնկի մահուան պատճառն ու ձեւը: Տարօրինակ բան մը պատահեցաւ երեք շաբաթ առաջ` ուրբաթ օր: Այդ օրուան ճաշասենեակի խօսակցութիւնը բնականաբար ընթացաւ անոր առողջութեան եւ յառաջիկայի վիրաբուժութեան շուրջ: Անոր հայեացքը դարձեալ պոհեմական էր. ան փորձեց թեթեւցնել հարցերը եւ մեզի վստահեցուց, թէ` ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Գործի երթալու համար մեր տունէն մեկնելու ատեն անոր հրաժեշտը քիչ մը տարբեր էր: Դուրս ելլելու ատեն ան կանգ առաւ, մեզի դարձաւ ջերմ ժպիտով մը, քիչ մը յապաղեցաւ եւ հեռացաւ: Կարծես գիտէր, որ ատիկա վերջին հրաժեշտն էր…

«Վայրեր, ուր բանտարկուած եմ» անունով ուրիշ պատմուածքի մը մէջ Սարոյեան կ՛ըսէ. «Մարդիկն են, որ վայր մը վայր կը դարձնեն»:

Կիւլպե՛նկ, դուն այն բարեկամն էիր, որ մեր տունը տուն դարձուցիր: Մեր տունը հիմա լեցուն է միասին ունեցած լաւ յիշատակներով. վայր մըն է, ուր մենք ժամանակ անցուցած ենք, միասին:

Կիւլպե՛նկ ճան, արդէն հրաժեշտի հանգրուանին մէջ ենք, պէտք է բաժնուինք քաջութեամբ: Մեր ուրբաթ օրուան ճաշը պիտի յետաձգուի յաւիտենապէս…

ՅՈՎԻԿ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES