«ՕՐ ՄԸ» ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՅՈՅՍ ՅԱՅՏՆԵԼԷ ԵՏՔ. «ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԷ» Կ՛ԸՍԷ ՇԹԵՖԱՆ ՖԻՒԼԷ

Ֆիւլէ եւ Նալբանդեան կը ստորագրեն Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան հռչակագիրը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն: Անոնք քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, Սարգսեան նշեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումներն ու քննարկումները, ինչպէս նաեւ հռչակագիրը կը խօսին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւններուն մասին:

Ֆիւլէ իր կարգին նշեց, որ միացեալ աշխուժ աշխատանքով 2011 թուականը կարելի է դարձնել Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու ժամանակաշրջան: Ան ընդգծեց, որ հռչակագիրին նպատակն է Հայաստանը աւելի մօտեցնել Եւրոպական Միութեան` աջակցելով իրականացուող բարեփոխումներուն:

Նախագահ Սարգսեանի համաձայն, փաստաթուղթով Հայաստան անգամ մը եւս կը փաստէ բարեփոխումները շարունակելու վճռակամութիւնը, իսկ Եւրոպական յանձնաժողովը յայտնած է այդ բարեփոխումներուն աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովին միջեւ միացեալ հռչակագիրը, որով կողմերը կ՛ողջունեն Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան ընկերակցական համաձայնագիրի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած լաւ յառաջընթացը եւ կը շեշտեն ապագայ ընկերակցական համաձայնագիրի ծիրին մէջ երկկողմ` խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտի հիմնելու շուրջ բանակցութիւններու սկզբնաւորման համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովման ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան հետագայ քայլերու կարեւորութիւնը:

Փաստաթուղթով Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովը նաեւ կը ստանձնեն յանձնառութիւն` աւելի աշխուժ կերպով հետամուտ ըլլալու եւրոպական դրացնութեան քաղաքական ուղենիշներուն, որոնք կ՛ամրագրուին Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ մշակուելիք` բարեփոխումներու միտուած գործընկերութեան ծիրին մէջ:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման յայտնեց, որ «կը կարծեմ, թէ պէտք է կատարելապէս հասկնալի դարձնել կողմերուն, որ զինուորական ուղին (լուծումի) տարբերակ չէ: Կողմերուն համար կարեւոր է նաեւ ճշգրտել հռետորաբանութիւն»:

«Մեր դրացնութիւնը ապահով պիտի չըլլայ, այնքան ատեն, որ տակաւին երկարաձգուած տագնապները չեն լուծուած խաղաղ միջոցներով եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ սատարել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` անոր հիմքին մէջ տեսնելով ուժ չկիրարկելու սկզբունքը, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքները», յայտարարեց Ֆիւլէ: Ան նշեց, որ կողմերուն միջեւ տեղի ունեցող հանդիպումները իրենք յառաջընթաց կը նկատեն եւ կը կարծեն, որ «այդ հանդիպումները հռետորաբանութեան մէջ արտացոլելը» կարեւոր է: «Առհասարակ, զինուորական հռետորաբանութիւնը օգտակար բան չէ», ըսաւ ան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ցաւակցութիւն յայտնեց հինգշաբթի օր սահմանին վրայ զոհուած հայ զինուորի հարազատներուն` նշելով, որ շփման գիծին վրայ այդ կարգի սադրանքներն ու սպանութիւնները որեւէ ձեւով չեն նպաստեր բանակցային հոլովոյթին: «Ատոր համար կարեւոր որոշում որդեգրուած է Սոչիի մէջ, որպէսզի ստեղծուի համապատասխան մեքանիզմ հետաքննութիւն կատարելու շփման գիծին վրայ այս կարգի սադրանքներու, այս կարգի դէպքերու ժամանակ, եւ յոյսով ենք, որ ժամանակը եկած է, որ այս մեքանիզմը ոչ միայն հետաքննութիւն կատարէ, այլ նաեւ կարեւոր գործիք դառնայ այսպիսի պատահարներէն ետք պահելու համար բանակցային հոլովոյթը, որ որոշ յոյս կը ներշնչէ, որ կրնանք հասնիլ խաղաղ լուծման», յայտարարեց Նալբանդեան: Ֆիւլէ իր կարգին նշեց, որ ինք եւս մտահոգութիւն յայտնած է շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերուն վերաբերեալ:

Խօսելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին` Ֆիւլէ ընդգծեց, որ Հայաստանն ու Թուրքիան յարաբերութիւններու բնականոնացման համար շատ մեծ ներդրումներ կատարած են: «Ցաւալի է, որ վերջին քայլը եւ կարեւոր համաձայնագիրներու կնքումը կարելի չեղաւ վերջնական տեսքի բերել: Յոյսով եմ, որ ատիկա պիտի մնայ սեղանի վրայ, որպէսզի երբ իրավիճակը աւելի բարենպաստ ըլլայ, կարենանք վերադառնալ այդ հարցին եւ վերակենդանացնել այս հոլովոյթը», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարը:

Նալբանդեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի վերջերս «Արմենֆօ» լրատուական կայքէջին տուած հարցազրոյցին` նշելով, որ ինք դժբախտաբար, այդ հարցազրոյցին մէջ որեւէ դրական ազդակ չէ նկատած:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ նախապայմաններ առաջադրելով` Թուրքիա չի յարգեր իր ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ կը հակադրուի միջազգային հանրութեան, որուն դիրքորոշումը համահունչ է հայկական կողմի դիրքորոշման` առանց նախապայմաններու վաւերացնել եւ իրականացնել արձանագրութիւնները: «Եւ այսպիսի մօտեցումով ո՞ւր կարելի է երթալ կամ ո՞ւր կարելի է հասնիլ: Չենք կարծեր, որ որեւէ մէկ տեղ կարելի է հասնիլ այս կարգի թրքական դիրքորոշումով», յայտարարեց Նալբանդեան:

Ֆիւլէ պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՞ս կը վերաբերի Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, երբ վերջինս 20 տարիէ ի վեր փակ կը պահէ դրացի երկրի մը հետ սահմանը, ըսաւ. «Եւրոպական Միութեան անդամակցող թեկնածու պետութիւններուն կը ներկայացուին ոչ միայն 35 շօշափելի գլուխներ, շարք մը թեքնիք պահանջներ, այլ նաեւ` պահանջներ, որ թեկնածու պետութիւնները պէտք է բարի դրացիական յարաբերութիւններ ունենան իրենց դրացիներուն հետ: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Թուրքիան բացառութիւն չըլլայ այս ընդհանուր մօտեցումէն»:

 

Share this Article
CATEGORIES