ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ (ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Աշխատաւորական օրը ամէն բանէ առաջ կը յուշէ ընկերվար գաղափարախօսութեան սկզբունքները: Ակներեւ է, որ մեր մամուլին մէջ պակսած են այս արժէքներուն վերաբերող վերլուծական յօդուածները, հրապարակային քննարկումները, տեսաբանական մօտեցումները:

Այսօրուան աշխարհը ճշդած է արժէքային համակարգի նոր օրինաչափութիւններ, որոնք շուքի մէջ կը ձգեն ընկերային շարժումներու երբեմնի առաջադրանքները:

Մեր պարագային: Ընկերային իրավիճակի մասին խիստ քննադատական մօտեցումներ, հարստահարութեան անվերջ օրինակներու նշումներ, առհասարակ հարստապետական կարգերու հաստատման գործընթացներու պարզաբանումներ անընդհատ կը շեշտուին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յատկապէս ժողովրդային հաւաքներու ընթացքին: Մատնանշումները անշուշտ հեռու չեն իրականութիւններէն. խնդիրը այս պարագային այն է, որ նման երեւոյթներու բարձրաձայնման շարժառիթը զուտ քաղաքական ելակէտներ ունի եւ յստակօրէն կը նպատակադրէ իշխանութեան տիրացման պայքարին մէջ առաւելներու ձեռքբերում: Մինչդեռ, ամբոխավարական ամպիոններէ հեռու` նուազագոյն զամբիւղի մասին պահանջներ դնելը, կազի սակի նուազեցման համար խորհրդարանական քննարկումներ ծաւալելն ու համապատասխան որոշումներ հետապնդելը, տակաւին ժողովուրդի հարցերուն լուծում տալու համար պատգամաւորական կեդրոններ հաստատելը եւ ժողովուրդին հետ հանդիպումներ ունենալը ուղղակի արժէքային սկզբունքներու հաստատման նպաստող գործնական քայլեր են: Մենաշնորհային եւ ստուերային դաշտին դէմ քննադատութիւններ բարձրաձայնելը իրաւական պետութեան կայացման գործընթացին ծառայող ուղեգիծ է, որ ամբոխավարութեան հետ աղերս չունի բացարձակապէս:

Այստեղ եւս աշխատաւորական համագործակցութիւններու շղթան բաւական թոյլ է եւ ազդեցութիւն բանեցնելու կարողութենէն զուրկ: Պարզ է. երբ քաղաքական շարժառիթն է, որ տուեալ պահուն կ՛ամրացնէ այդ շղթան, մետասաներորդ պահուն վերստին թուլցնելու համար զայն, աշխատաւորական համադաշնակցութիւնը ի սպառ կորսնցուցած կ՛ըլլայ ժողովուրդի կարիքներուն վերաբերող որոշումներու կայացման գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու իր հնարաւորութիւնները:

Այս տրամաբանութեան զարգացման հանգրուաններուն մէջ պէտք է տեսնել մագլցողական գնաճի դիմաց համաժողովրդային բողոքի ելոյթներու բացակայութիւնը, կամ սուր կերպով երեւցող անտարբերութիւնը: Ինքնահոսի ձգուած այս երեւոյթը կը հարուածէ ամբողջ քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ կ՛անցնի հիասթափութենէ հիասթափութիւն:

Աշխարհը ամբողջ` ներառելով մեր հայրենիքն ու մեր ապրած երկիրը, այս արժէքները համահարթեցուցած է ստեղծելով օրուան կանոնները:

Մարդկային, հասարակական արժէքներու վերադարձի պահանջը օրուան հրամայականն է: Մայիս 1-ը այս հարցերուն մասին խորհրդածելու օր է:

Share this Article
CATEGORIES