ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՅԱՑԱԾ ՈՒ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
10 ապրիլ 2010-ին Քուէյթի Ազգային վարչութեան եւ հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ յառաջացած Յիսնամեակի հանդիսութիւններու գործադիր մարմինը նպատակակէտ ճշդեց 2010-2011 տարեշրջանին մշակութային, դաստիարակչական եւ այլ բնոյթի ծրագիրներով արժեւորել Քուէյթի Ազգային վարժարանի յիսնամեայ ուղին:
Այս առիթով կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին Յիսնամեակի հանդիսութիւններու գործադիր մարմինի ատենապետ Մարալ Համպոյեան յայտնեց, թէ արդէն կարգ մը ծրագիրներ իրականացուած են, իսկ իւրաքանչիւր ձեռնարկի յաջողութիւն կը մղէ մարմինը նոր թափով եւ բծախնդրութեամբ սկսելու յաջորդ նախաձեռնութեան` նոր յաջողութիւն քաղելու յոյսով:
«Կ՛ուզեմ այս առիթով գործադիր մարմինին անունով մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել յիսնամեակի հանդիսութիւններու նախագահութիւնը ստանձնող, գաղութին անձնուրաց բարերար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ասպետ Մելիք Մելիքսեթեանին, որ ամենայն վեհանձնութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ ընդառաջեց մեր խնդրանքին», ըսաւ Համպոյեան:
Խօսելով ցարդ իրականացած ծրագիրներուն մասին` ան յիշեց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կազմուած է Օժանդակ գործադիր մարմին մը, որ աշխուժ մասնակցութիւն կը բերէ` կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ: Ըստ Մ. Համպոյեանի, յոբելենական պարահանդէսը, որ կազմակերպուած է այս Օժանդակ մարմինին կողմէ, առիթ եղած է պարգեւատրելու աւելի քան 110 ազգայիններ, կրթական մշակներ, ազգային վարչութիւններու, հոգաբարձութիւններու եւ տիկնանց յանձնախումբերու անդամներ, որոնք Քուէյթի գաղութին իրենց ծառայութիւնը մատուցած են:
Այս առիթով ստեղծուած է նաեւ յատուկ կայքէջ, որ տեղադրուած է «Ազդակ»ի կայքէջին մայր էջին վրայ, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած քուէյթահայերը համախմբելու միտումով ստեղծուած է դիմատետրի յատուկ բաժին: Վերամուտին աշակերտներուն բաժնուած է աշակերտական ծրար մը` հարուստ զանազան գրենական պիտոյքներով:
Մ. Համպոյեան նշեց, թէ արդէն լոյս տեսած է յիսնամեակի տեղեկագիրքը, որուն մէջ կայ մարմինին միամեայ ծրագիրը, նաեւ հարցազրոյցներ` գաղութին մէջ այս առիթով ծրագիր իրականացնող անձերու հետ:
Քուէյթի ազգային վարժարանին նուիրուած առաջին ձեռնարկին գաղութ հրաւիրուած է մանկական երգերու մեկնաբան Թալինը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է: Յաջորդը ուսուցիչներու վերապատրաստման սեմինարը եղած է, որուն իրականացման համար Քուէյթ ժամանած է մանկավարժական գիտութիւններու փրոֆեսէօր Ժուլիեթա Կիւլամիրեան:
Փետրուար 2011-ին կայացած է աւանդական քերմեսը, որուն մասնակցելու համար հրաւէրներ ուղղուած էին երգիչ Մարթին Եորկանցին, կատակերգակ Փիեռ Շամմասեանին եւ «Վանայ Ձայն»ի հաղորդավար Մարալ Հարպոյեանին:
Դաստիարակչական ծրագիրի երկրորդ բաժինով, մարտին Քուէյթ հրաւիրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութենէն Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, որ 4 օրուան ընթացքին դասախօսութիւններ ներկայացուց վարժարանի աշակերտութեան, ծնողներուն եւ համայն քուէյթահայութեան:
25 մարտին, Քուէյթի մէջ հայկական մշակութային օրերու շրջագիծին մէջ, Հայաստանի դեսպանատան հետ համագործակցաբար, ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պարի պետական համոյթը, որ մեծ արձագանգ ձգեց Քուէյթի մէջ: Անոր ներկայ եղան նաեւ պետական անձնաւորութիւններ:
Մ. Համպոյեան ըսաւ, որ մայիսին տեղի պիտի ունենան երեք գլխաւոր ձեռնարկներ. 17 մայիսին պիտի կատարուի Ազգային վարժարանի յուշամատեանին շնորհահանդէսը եւ այս առիթով յուշակոթողի բացումը: Ան նշեց, թէ յուշամատեանի խմբագրական աշխատանքը կատարեց Յակոբ Չոլաքեան, որուն հետ գործակցեցաւ յուշամատեանի յանձնախումբը, որուն պարտականութիւնն էր արխիւներու եւ նկարներու հաւաքագրումը, իսկ յուշակոթողը ստեղծագործութիւնն է քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեանի: