50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1962)
Մինչեւ Հիմա 3 Անգամ
Աւելի Անձրեւ Տեղաց, Քան
Անցեալ Տարի Նոյն Շրջանին
Չորս օրէ ի վեր անձրեւը դադար չունեցաւ Լիբանանի մէջ: Անձրեւին պատճառով մայրաքաղաքի հեռաձայնային գիծերուն մեծ մասը խանգարուած է, իսկ շրջաններու հետ հեռաձայնային կապ հաստատելը գրեթէ անկարելի դարձած է: Օրինակ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին կարելի չեղաւ Պէյրութէն հաղորդակցութեան մտնել Խալտէի օդակայանին, Քսարայի ու Տահր Պայտարի հետ: Այս կացութեան դարման մը գտնելու նպատակով, փոսթ հեռագրական նախարարութիւնը բանուորական խումբերուն պարտականութիւն տուաւ գիշեր եւ ցերեկ աշխատիլ` խանգարուած գիծերու նորոգութեան համար:
Պէյրութի գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ անձրեւը իր առատութեամբ փոքրիկ «ողողումներ» առաջ բերաւ: Բազմաթիւ խանութներ ջուրերու մէջ մնացին: Ստորեւ կու տանք անձրեւաչափի վերջին թիւերը.
Կիրակի առտու ժամը 8:30-էն մինչեւ երկուշաբթի առտու ժամը 8:30 (անձրեւաչափային օր) 48 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է:
– Սեպտեմբեր 1-էն մինչեւ հիմա տեղացած է 274,67 միլլիմեթր անձրեւ:
– Անցեալ տարի նոյն շրջանին տեղացած էր 97,93 միլլիմեթր (այսինքն այս տարուընէ երեք անգամ քիչ):
– Միջինն է` 238,92 միլլիմեթր:
Միւս կողմէ, ջերմութեան աստիճանը անկում կրեց Լիբանանի մէջ: Երէկ ջերմաստիճանը 10 աստիճան ցոյց կու տար Պէյրութի մէջ:
Հայկական Կեանք
ՀՄԸՄ–ի Հալէպի Խումբը
Պաղտատի Մէջ
«Արեւելք» մարզաշխարհ»- ի խմբագիր Զաւէն Սապունճեան Պաղտատէն կը գրէ.
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը, եւ անոր ընկերացող ՀՄԸՄ-ականները 5 դեկտեմբեր 1962-ին չորեքշաբթի օր, հանգիստ հասան Պաղտատ եւ կայարանին մէջ արժանացան սրտբաց ընդունելութեան: Դիմաւորութեան ներկայ եղան իրաքեան ոստիկանական խումբին պատասխանատուները, խումբին բոլոր անդամները, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը քաղաքին այլ խումբերուն ներկայացուցիչները եւ պաղտատցի մեծ թիւով հայեր:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը, Պաղտատ ժամանելէ ետք առաջին առիթով այցելեցին սուրիական դեսպանատունը, ապա այցելեցին իրաքեան խումբին կեդրոնը, եւ Պաղտատի ընդհ. ոստիկանապետին:
Պաղտատի ժողովուրդը շաբաթներէ ի վեր անհամբեր կը սպասէ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Ժողովրդային աննախընթաց խանդավառութեան մէջ պիտի կատարուին ՀՄԸՄ-ի եւ իրաքեան խումբին մրցումները:
10000 Երեւելի Հայերու
Կենսագրութիւններու Բառարան
Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը տպագրուի տասը հազար հայ երեւելի մարդոց կենսագրութիւններու բառարանը, որ կ՛ընդգրկէ անձնաւորութիւններ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Կենսագրութիւնները գրուած են պատմագիրներու, մատենագիրներու, լրագրողներու, խմբագիրներու, նկարիչներու, գրողներու, բանաստեղծներու, գիտնականներու, մտաւորականներու եւ այլ մարզերու երեւելի հայերու մասին: Այս բառարանը լոյս կը տեսնէ 1963-ի սկիզբը: