Ամերիկեան Պետութիւնը Լիբանանեան Բանակին Յատկացուց «Հուէյ 2» Տիպի Վեց Ուղղաթիռ

Սպայից վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ ստացաւ ամերիկեան պետութեան կողմէ տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւն` «Հուէյ 2» տիպի վեց ուղղաթիռներ, որոնք կ՛արժեն 58 միլիոն տոլար:

15 տարուան մէջ այս օժանդակութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Ուղղաթիռներուն ստանձնումը կատարեց լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ զօրավար Օմար Սալման: Յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ  լիբանանեան օդուժի հրամանատարն ու Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:

Արարողութեան ընթացքին Ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ օդուժի հրամանատար զօր. Տէյվիտ Կոլտֆայն իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինուորական գործակցութիւնը` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ Լիբանանի նկատմամբ զինուորական օժանդակութեան իր յանձնառութեան:

Միւս կողմէ, զօր. Քահուաժի երէկ այցելեց Ֆիատիէի Սպայից վարժարանը, ուր ստուգեց վարժարանին մէջ տիրող ընդհանուր ընթացքն ու մարզումները:

Սպայից վարժարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ այս վարժարանը յաճախող զինուորականները զինուորական ամուր գաղափարաբանութեան եւ ազգային խիստ պատկանելիութեան տէր սպաներ կը դառնան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )