Սապունճեան Ընդունեց Լիբանանի Գինեգործները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի գինեգործներու մէկ պատուիրակութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Սապունճեանին` «Գինիի եւ այգիի ազգային հիմնարկ»-ի կառուցման իմաստով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ այդ հիմնարկին կառուցումը Լիբանանի համար երազ մըն էր, որ իրականութեան վերածուեցաւ, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գործող բոլոր պանդոկներուն եւ ճաշարաններուն նախապատուութիւնը տալու լիբանանեան աշխարհահռչակ գինիին:
CATEGORIES Լիբանանեան