Թուրքերը Մտադիր Են Բողոքելու Աշխարհի 30 Երկիրներուն Մէջ Գտնուող Ցեղասպանութեան Յուշարձաններուն Դէմ
Թուրքիոյ Լոպիական ռազմավարական հետազօտութեանց կեդրոնը որոշած է բողոքագիրներ յղել բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ալ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներ զետեղած են:
Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Կեդրոնին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աշխարհի 22 երկիրներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին համապատասխան օրէնք ընդունած են, եւ 30 երկիրներու մէջ ալ կառուցուած են Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձաններ: Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած 132 յուշակոթող կայ: Թուրք լոպիիստները շեշտած են այն հանգամանքը, որ այդ յուշարձաններուն մօտ իրենք երբեք բողոքի գործողութիւններ չեն կազմակերպած, եւ այժմ կը սպառնան «խախտել լռութիւնը»:
CATEGORIES Հայկական