50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1962)

Հայկական Կեանք

Հայ Երգահաններուն Յաջողութիւնը
8 Հայեր Շահած Են Մրցանակներ

Վերջերս Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած համամիութենական երաժշտական տասնօրեայ մրցումին, որուն մասնակցած են 1200 սկսնակ եւ արհեստով երաժիշտներ, մեծ յաջողութիւն ունեցած են Հայաստանի ութ ներկայացուցիչները: Ութ հայ երգահաններն ալ շահած են զանազան մրցանակներ եւ վկայականներ:

Ներկայացուած 12 համանուագային շարադրութեանց մէջ, Ա. մրցանակը շահած է Էտկար Յովհաննիսեան եւ Բ. մրցանակը` Կոնստանդին Օրբէլեան:

Սենեկային նուագի (միւզիք տը շամպրը) յօրինումներուն մէջ, Էդուարդ Խաղագործեան արժանացած է երկրորդ մրցանակին` իր դաշնակի հնգանուագով (քենթեթ): Երրորդ մրցանակը շահած է Աւէտ Տէրտէրեան` «Հայրենիք» ձայնաւոր համանուագային երկերու շարքին համար:

Առաջին կարգի պատուոյ վկայականներ ստացած են Գ. Հովունց (լարային քառանուագ), Հայաստանի երաժիշտներու միութեան կրտսեր անդամը Է. Յարութիւնեան (ջութակի եւ դաշնակի երկ), ուսանող Տիգրան Մանսուրեան (լարային քառանուագ):

Մրցումին մասնակցող միւս հայ երաժիշտները ստացած են առաջին, երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի պատուոյ վկայականներ:

Մրցանակներու թիւով Հայաստան երկրորդ տեղը գրաւած է: Առաջին հանդիսացած է Էսթոնիա, երրորդը` Ազրպէյճան:

 

Մահ Ս. Ամիրայեանի

«Յուսաբեր»-էն ցաւով կը տեղեկանանք, թէ Քալիֆորնիոյ մէջ (Ամերիկա) ամսոյս 13-ին մեռած է ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի հիմնադիրներէն եւ երկարամեայ վարիչներէն Ստեփան Ամիրայեան: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 17 դեկտեմբերին:

Ս. Ամիրայեան Գահիրէի հայութեան եւ մասնաւորաբար մարզական շրջանակներուն մէջ լայնօրէն ծանօթ է իբրեւ սիրուած ու յարգուած, զոհաբերող եւ գործունեայ հայ մը եւ տիպար ու հաւատաւոր մարզիկ մը:

ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի մէջ ծառայած է աւելի քան քառասուն տարի` օրինակելի նուիրումով ու խանդավառութեամբ եւ իր շունչին տակ պատրաստուած են մարզական բազմաթիւ սերունդներ:

 

Նոր Սիսի Խորանին Շինութեան Անդրանիկ
Աթայեան
Կը Նուիրէ 3500 Լիբ. Ոսկի

Պէյրութի ազնուասիրտ ազգայիններէն բնիկ սսեցի Անդրանիկ Աթայեան, թեմիս առաջնորդ սրբազանի խնդրանքին ընդառաջելով` 3500 լ. ոսկիի գումար մը դրած է սրբազան հօր տրամադրութեան ներքեւ` հայկական ոճով եւ ճարտարապետութեամբ եւ ազնիւ մարմարիոնով շինելու համար Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խորանը:

Խորանի շինութեան ձեռնարկուած ըլլալով տեղւոյն Թաղականութեան կողմէ, կը կարծուի զայն աւարտել եւ հանդիսաւոր օծումն ու օրհնութիւնը կատարել Ս. Սարգիսի տօնին, 10 փետրուար 1963, կիրակի օր:

Խորապէս կը գնահատենք Աթայեանի այս սրտաբուխ նուիրատուութիւնը, որ գովելի է ըստ ամենայնի:

 

Սիսեցի Երիտասարդներու Միութեան
Վարչութիւնը
Վեհափառին Մօտ

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 1962-ին, Սիսեցի երիտասարդներու միութեան վարչութիւնը, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն, երեկոյեան ժամը 7:00-ին այցելեց Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, վեհարանի մէջ:

Վեհափառ հայրապետը համակրութեամբ ընդունեց երիտասարդ վարչականները: Վարչութեան ատենապետ Սարգիս Տեմիրճեան վեհափառին ներկայացնելով Միութեան 1963-ի օրացոյցը` ըսաւ.

«Վեհափառ տէր,

Սիսեցի երիտասարդներու նորակազմ միութիւնը լոյս ընծայեց իր անդրանիկ օրացոյցը, որուն առաջին օրինակը որդիական խոնարհութեամբ մտածեցինք նուիրել ձերդ վեհափառութեան, մե՛ր Աթոռի հայրապետին` խնդրելով նոյն ատեն ձեր հայրական օրհնութիւնները մեր միութեան յաջողութեան համար»:

Վեհափառը դիտեց օրացոյցը եւ ըսաւ.

«Շնորհակալ եմ եւ ուրախ` ձեր այս գեղեցիկ նուէրին եւ մտածումին համար: Որպէս Սիսի Աթոռին կաթողիկոսը, բնականաբար զիս կրնաք նկատել սիսեցի մը ու նաեւ անդամ մը` ձեր միութեան: Ուրախ եմ մանաւանդ ձեր նկարի ընտրութեան համար: Իբրեւ սիսեցի ժողովուրդի աւանդապահ նոր սերունդը, վերակենդանացնելով անցեալի գեղեցիկ յուշերը, ընտրած եւ դրած էք ձեր առաջին օրացոյցին վրայ Սիսի պատմական մայրավանքին ուշագրաւ մէկ նկարը»:

Յետոյ վեհափառ հայրապետը հետաքրքրուեցաւ միութեան աշխատանքներով: Վարչութեան անդամները տուին կարեւոր ծանօթութիւններ` միութեան հետապնդած ուսումնական նպատակներուն եւ կատարած եւ կատարելիք աշխատանքներուն շուրջ:

Կէս ժամ տեւած այս տեսակցութենէն ետք երիտասարդները յայտնեցին իրենց խորին շնորհակալութիւնները վեհափառ հայրապետին` իրենց շնորհուած այս սիրալիր ընդունելութեան համար:

Վեհափառը ըսաւ.

«Իմացած էի ձեր միութեան մասին եւ` ուրախացած: Կը թելադրեմ, որ փնտռէք ճշմարտութիւնը ամէն տեղ: Մի՛ վհատիք, երբ դժուարութիւններու գաք դէն յանդիման, որովհետեւ դժուար է ու փշոտ ճշմարտութեան ճամբան: Աշխատեցէք մանաւանդ սիրոյ, համերաշխութեան մթնոլորտ մը ստեղծել ժողովուրդին մէջ: Կը շնորհաւորեմ եւ կ՛օրհնեմ ձեր միութիւնը: Տէրը ըլլայ ձեզի հետ»:

Վարչութեան անդամները հրաժեշտ առին վեհափառ հայրապետէն, հիացումի եւ երախտագիտութեան զգացումներով լեցուած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )