Թուրքերը Կ՛օժանդակեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Քարոզչութեան
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
2005-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակի նախօրեակին, նշանաւոր թուրք մեկնաբան Մեհմեթ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ» թերթին մէջ գրեց յօդուած մը` կոչ ուղղելով թուրք հանրութեան պատրաստ ըլլալու յառաջիկայ «հայկական ծովաշարժ»-ին:
Այս ամսուան սկիզբը թրքական «Կազեթ Կարս» թերթը հրապարակեց նոյնանման խմբագրական մը` «Հայկական նախապատրաստութիւնները` 2015 թուականին» խորագիրով, նախազգուշացնելով թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան մօտալուտ հարիւրամեակէն` 2015-ին, եւ խորհուրդ տալով անոնց` դիմելու հակազդեցութեան արդիւնաւէտ միջոցներու:
Խմբագրականը ցոյց կու տայ, թէ թուրքերը որքա՛ն մօտէն կը հետեւին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հայկական նախապատրաստական աշխատանքներուն, եւ որքա՛ն անձկութեամբ կը կշռադատեն հայկական յառաջիկայ ձեռնարկներուն ազդեցութիւնը Թուրքիոյ վրայ:
Ծաւալուն սիւնակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանն ու սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին կ’ընդլայնեն իրենց միացեալ արշաւը` ընդդէմ Թուրքիոյ: Յօդուածը կը նախազգուշացնէ, որ` «հայերը իրենց սուտերով ամբողջ աշխարհը ոտքի պիտի հանեն» եւ կ’առաջարկէ, որ` «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը անյապաղ գործի լծէ իր բոլոր միջոցները եւ կանխարգիլման քայլերու ձեռնարկէ այդ խաբէութիւնը ի չիք դարձնելու համար»:
«Կազեթ Կարս» թերթը կը դժգոհի, որ հայերը` «կը նսեմացնեն Թուրքիոյ հեղինակութիւնը` ուժեղ յարձակումներ գործելով 40 ճակատներու վրայ: Այդ յարձակումներուն հակահարուած տալու համար Թուրքիա պէտք է դիմէ աւելի մեծ պաշտպանողական եւ յարձակողական միջոցներու: Ոչ մէկ վայրկեան պէտք է կորսնցնել: Աշխարհը կուլ կու տայ անոնց սուտերը»:
Խմբագրականին մէջ կը ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ գլխաւոր անձնաւորութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը: Թերթը յատկապէս կը յիշատակէ փրոֆ. Թաներ Աքչամը, բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկը, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները, Պերլինի համալսարանը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը` մէջբերելով անոր ըսածը. «Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարը պէտք է միաւորել փոխհատուցման ըմբռնումով® Մենք պէտք է հետամուտ ըլլանք օրինական ուղիներու` այս ոճրագործութեան պատասխանատուութիւնը ճշդելու համար»:
«Կազեթ Կարս» թերթը նաեւ կը թուարկէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Հայկական ազգային ուսումնարանը, ինչպէս նաեւ «Զօրեան» եւ «Կոմիտաս» հիմնարկները` իբրեւ կազմակերպութիւններ, որոնք յաջողած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու աշխարհի գիտական շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան: Նշանաւոր թուրք արձակագիրներ Օրհան Փամուքը եւ Էլիֆ Շաֆաքը, որոնք համարձակօրէն դատապարտած էին Թուրքիոյ խեղաթիւրումները Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ, կը մեղադրուին սփիւռքի հայկական լոպիստական կազմակերպութիւններուն աջակցութիւնը վայելելու մէջ:
Թրքական թերթը կը տեղեկացնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծրագիրը նախապատրաստելու համար 23 ապրիլ 2011-ին Երեւանի մէջ ձեւաւորուած է պետական համակարգող յանձնաժողով, զոր կը գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, եւ որ իր անդրանիկ նիստը գումարած է 30 մայիս 2011-ին:
Այնուհետեւ, թուրք խմբագիրը կը կեդրոնանայ յօդուածիս վրայ` սխալելով եւ զիս ներկայացնելով իբրեւ Արա Սասունեան` «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ: Յօդուածէս կը մէջբերէ այն հատուածը, ուր կը նշուի, որ` «Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը այլեւս օգտաւէտ չէ հայերուն համար: Ընդհակառակը, վնասակար է: Թուրքերը շատ ուրախ են, որ մենք կը բաւարարուինք միայն այս պահանջով: Մենք պէտք է արդարութիւն պահանջենք: Երբ անոր հարց տրուած է, թէ արդարութիւն ըսելով ի՛նչ նկատի ունի, ան բացատրած է, որ ատիկա կը նշանակէ բարոյական, նիւթական եւ տարածքային վերականգնում»:
Ապա թուրք գրողը մանրամասնօրէն կը վերլուծէ տեսակէտներս` նշելով. «Սասունեան կը հաւատայ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւնները այնքան ալ կատարեալ չեն, եւ որ անհրաժեշտ է գաղափարական միասնականութիւն ունենալ, յատկապէս` Հայ դատին առնչուող հարցերու մէջ: Սասունեան նաեւ կը հաւատայ, որ աւելի լուրջ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ 100 երկրի մէջ ապրող հայերը համախմբելով 350 ներկայացուցիչներէ բաղկացած սփիւռքի խորհրդարանի հովանիին տակ»:
«Կազեթ Կարս» թերթը իր խմբագրականը կ’եզրափակէ` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով նախատեսուած շարք մը հայկական ձեռնարկներ.
1.- Պատրաստել հրատարակութիւններ եօթը լեզուներով` հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:
2.- Նկարահանել գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժապատկերներ, կազմակերպել համերգներ եւ ցուցահանդէսներ, հրատարակել գիրքեր եւ գիտական նիւթեր:
3.- Եռակի չափով ընդարձակել Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը:
4.- Ստեղծել Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով:
5.- Կազմակերպել լրատուամիջոցներու համաժողովներ, կապեր հաստատել 89 երկիրներու լրատուական գործակալութիւններու հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Հայաստան հրաւիրել սփիւռքի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու լրագրողները:
6.- Ժամանակակից արհեստագիտութիւնները օգտագործելով` տարբեր լեզուներով ելեկտրոնային գիրքեր հրապարակել եւ կապեր հաստատել ցեղասպանութեան հետազօտութեամբ զբաղող գիտական եւ մշակութային գործիչներու, լրատուամիջոցներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:
7.- Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր նկարահանել` յայտնի հնդիկ բեմադրիչ Շեխար Քափուրի եւ փորթորիքոցի բեմագիր Խոսէ Ռիվերայի մասնակցութեամբ:
Այնքան ատեն որ թուրքերը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ձեռնարկներու տարափ կ’ակնկալեն, ուստի հայերը իրենց առաւելագոյնը պէտք է ընեն` զանոնք յուսախաբ չընելու համար:
«Կազեթ Կարս» թերթի խմբագիրները չեն գիտակցիր, որ հայերը իրականութեան մէջ կ’ողջունեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն հակահարուած տալու թուրքերուն մտադրութիւնը: Այդպիսով, թրքական կողմը կը նպաստէ Հայ դատի քարոզչութեան` շատ աւելի, քան ինչ որ հայերը կրնան ընել ինքնուրոյն միջոցներով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը