Պէյրութի Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. «Կարկաչ» Ներկայացուց Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած Բազմալեզու Յայտագիր Մը

Երէկ` կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Սոլիտեր»-ի նախաձեռնած` Պէյրութի հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ տարեկան փառատօնի ծիրին մէջ ներկայացուց «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ պատանեկան երգչախումբի ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի:

Զոքաք Էլ Պլաթի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին ընթացքին «Կարկաչ» ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած բազմալեզու երգերու յայտագիր մը: Երգչախումբին դաշնակի վրայ ընկերացաւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան:

Համերգին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնանք հետագային:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )