«Փաթրիոթ»-ը Միայն Պիտի Վնասէ Թուրքիոյ Անվտանգութեան» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը

Ահմետ Վահիտի

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը գրէ, որ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտարարած է, թէ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն կողմէ ուղարկուած «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգերու թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տեղակայումը, որուն նպատակը Թուրքիան Սուրիայէն արձակուած հրթիռներէն պաշտպանելն է, իրականութեան մէջ միայն պիտի վնասէ Անգարայի անվտանգութեան:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն` պատճառաբանելով Սուրիոյ կողմէ օգտագործուող «Սքոտ» տիպի հրթիռները, արդարացուցած է Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ խիստ քննադատութեան ենթարկուած «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման որոշումը:

Ըստ Թեհրանի, հրթիռներու տեղակայումը պէտք է նկատել Արեւմուտքի կողմէ շրջանային տագնապի միջամտութիւն, ինչ որ կրնայ համաշխարհային պատերազմի յանգեցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )