Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Հանրաքուէի Ընթացքին Զեղծարարութեանց Շուրջ Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ
Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը նոր սահմանադրութեան նախագիծին վերաբերող հանրաքուէին շուրջ հետաքննութիւն պահանջեց` նշելով, որ զեղծարարութիւն եւ «անկանոնութիւններ» տեղի ունեցած են:
Հանրաքուէի շաբաթ օր տեղի ունեցած երկրորդ եւ վերջին հանգրուանէն ետք, նախնական եւ ոչ պաշտօնական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ քուէարկողներուն մեծամասնութիւնը «Այո» քուէարկած է նոր սահմանադրութեան, որ ըստ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի, ժողովրդավարութիւնը պիտի ապահովէ: Ըստ ընդդիմութեան, փաստաթուղթը ի նպաստ իսլամականներուն է:
Կը նախատեսուի, որ հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքը յայտարարուի այսօր:
Եգիպտոսի պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քուէարկողներուն 63 առ հարիւրը «Այո» քուէարկած է, իսկ մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 30 առ հարիւր էր:
Ընդդիմադիր ճակատի անդամ Ապտել Ղաֆեր Շոքր երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Հանրաքուէն ճամբուն վերջը չէ: Ասիկա միայն մէկ ճակատամարտ է: Պիտի շարունակենք եգիպտացի ժողովուրդին համար պայքարիլ»:
Սակայն Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութիւնը յոյս յայտնեց, որ «Այո» քուէի յաղթանակը սկսի պառակտումը դարմանել եւ երկրին կայունութիւն պարգեւել: