Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, անդրադառնալով Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութիւններուն մասին Պետական շուրայի որոշումին, յայտնեց, որ ինք իր վերջնական կեցուածքը պիտի յայտարարէ յառաջիկայ 28 դեկտեմբերին` աւելցնելով, որ իր որոշումին մէջ կրնան նշմարուիլ անակնկալներ: Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ այսօր Տար Ֆաթուան 45 օրով յետաձգէ կրօնական խորհուրդի ընտրութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց մաղթելով յաւելեալ միասնականութիւն:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի չհրաժարի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Ան շեշտեց, որ ինք համաձայն է ապօրինի զէնքի զինաթափումին, սկսեալ` Թրիփոլիէն:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած գաղթականներուն թղթածրարը երկրին համար ամէնէն դժուարն է` անկախութեան օրերէն սկսեալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց յարգելու սահմանադրական ժամկէտները եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա` ակնարկելով ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն, յայտնեց, որ անոնք տակաւին չեն ըմբռնած, թէ կազմուած է կառավարութիւն մը, որուն իրենք չեն նախագահեր:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա` անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ բանակցելու կարելիութեան, յայտնեց, որ քաղաքական շահեր ապահովելու համար
ամէն բան հաւանական է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց պաշտպանելու Դիմադրութիւնը, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է երկիրը պահպանելու իսրայէլեան բռնարարքներէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հաստատեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը լաւ կ՛ըլլայ զէնքի իշխանութենէն հեռու` ապահով ընկերութեան մը մէջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ առողջ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ եւ Լիբանանի միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը կ՛ապահովէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի օդային սահմանները խախտած է` թռիչքներ գործելով Մերժահիունի, Խիամի, Արքուպի, Հասպայայի եւ Նապաթիէի վերեւ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան գիշերուան ընթացքին 45 հազար զինուոր եւ ոստիկան պիտի դիրքաւորեն լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Իսրայէլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի բնական հարստութեան նկատմամբ իր ախորժակները սրած է եւ ճիգ չի խնայեր զայն իր հակակշիռին տակ առնելու առումով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց խորհրդարանէն յետս կոչելու կառավարութեան մշակած ու վաւերացուցած ընտրական օրինագիծը եւ անոր փոխարէն քննարկելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութիւնը Լիբանանի համար դրական արդիւնքներով եւ շատ չնչին վնասներով դրսեւորուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը կը փափաքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւիլ 1960-ի ընտրական օրէնքին ընդմէջէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան հրաժարականը կարելի է համազօր նկատել Լիբանանը քաղաքական եւ ապահովական իմաստով բոլոր վտանգներուն դիմաց բաց ձգելու:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ ոմանք Դիմադրութեան եւ արաբականութեան զինանշանները կը բարձրացնեն` ծածկելու համար իրենց ոճիրները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Լիբանանի կառավարութիւնները մէկ են:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ յարաբերութիւնները լարուած ականի կը նմանին եւ որեւէ ատեն կրնան պայթիլ:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ Լիբանան իր վերադարձը մօտալուտ է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի կառավարութիւնը տապալելու պահանջներուն` շեշտելով, որ այդ կարգախօսը կը նշանակէ տապալել լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանցիները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենց կարծիքով, Լիբանան ո՛չ ազատութիւն, ո՛չ անկախութիւն եւ ո՛չ ալ գերիշխանութիւն ունի:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօներուն առիթով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ պէտք է կառչած մնալ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութեան: