Զօր. Աուն. «Լիբանան Կ՛ենթարկուի Միջազգային Ճնշումներուն Եւ Կ՛Ընդունի Բոլոր Գաղթականները, Որոնք Այլոց Կողմէ Կը Մերժուին»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Անտոնեան համալսարանին մէջ Ազգային ազատ հոսանքի անդամ ուսանողներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացին շուրջ 35 միլիառ տոլարը մսխուած է առանց փաստաթուղթերու:

Զօր. Աուն նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իշխանութեան մէջ ընդդիմութիւն է` աւելցնելով, որ ան կը շարունակէ պաշտպանել երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պայքարի փտածութեան դէմ:

Անդրադառնալով Լիբանան ժամանող գաղթականներու հարցին` զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանան միջազգային ճնշումներու կ՛ենթարկուի եւ կ՛ընդունի բոլոր գաղթականները, որոնք այլոց կողմէ կը մերժուին:

Ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի գոյութիւնը կարեւոր է Լիբանանի պաշտպանութեան համար, որովհետեւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բացառիկ չեն, «եւ եթէ ըլլային, ան Սուրիոյ հետ իր սահմանները կը փակէր:

«Լիբանանի մէջ խաղաղութեան կամ պատերազմի որոշումը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ կը գտնուի», ընդգծեց զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )