Ժոմպլաթ Կը Վերահաստատէ Միջին Դիրքին Կառչած Մնալու Իր Կեցուածքը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ վերահաստատեց, որ ինք միջին դիրքին կառչած կը մնայ` շեշտելով, որ ինք այս կամ այն կողմին չի պատկանիր:

Անդրադառնալով յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` իրենց յարմար ընտրական օրէնք մը մշակելու, «կարծէք Լիբանանը այս երկու քաղաքական բեւեռներով սահմանափակուած ըլլայ: Ոչ ոք կը մտածէ կամ կը փափաքի մտածել, որ կայ նաեւ միջին դիրքի վրայ գտնուող քաղաքական կողմ մը, որ կը լուսանցքայնացուի եւ կը կազմէ փոքրամասնութիւն մը, որ տարբեր պահանջներ ունի», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պարագային պէտք է նաեւ հաշուի առնել երրորդ ընտրանքը:

Անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` Ժոմպլաթ նշեց, որ անոնք կը հաստատեն, որ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկուած է, սակայն միաժամանակ անոնք կ՛այցելեն սրճարաններն ու այլ վայրեր: «Իսկ այսօր անոնք կը հանդիպին ընտրական օրէնքին շուրջ քննարկումներ կատարելու պատրուակով», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նոյն նաւուն վրայ կը գտնուին. անոնք կա՛մ միասին կը փրկուին եւ կա՛մ միասին կը խեղդուին:

Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց սուրիացի ժողովուրդը փրկել ներկայ կացութենէն:

Պատասխանելով Ժոմպլաթի յայտարարութիւններուն` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ անձնաւորութիւններու կեանքը իսկապէս վտանգի ենթակայ է: Ան ըսաւ, որ ինք նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին միայն երեք անգամ Մաարապէն դուրս ելած է` անհրաժեշտ պատճառներով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )