Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Կ՛ողջունէ Ճոն Քերիի Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Առաջադրումը

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ գրասենեակը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ` հայամէտ ծերակուտական Ճոն Քերիի թեկնածութիւնը երկրի յաջորդ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին առաջադրելու մասին որոշումը` յիշեցնելով, որ Քերի շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր աջակցած է ամերիկահայ համայնքին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն մէջ:

Օպամա հայամէտ ծերակուտականին թեկնածութիւնը առաջադրած  է երկրի յաջորդ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին, իսկ հայամէտ ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտես կը նկատուի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին Քերին փոխարինելու թեկնածու:

«Մենք կ՛ակնկալենք ծերակուտական Քերիի հետ նոր` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին տիրանալէն ետք կառուցողական աշխատանքը շարունակել», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան` ընդգծելով, որ Քերին կը ձգտի վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները լռեցնելու Թուրքիոյ փորձին, կը փորձէ ամրապնդել Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման:

«Ծերակուտական Քերին առաջին անգամ Ծերակոյտ մուտք գործած է 1984-ին: 2009-ին ան յաջողութեամբ փոխարինած է գործող փոխնախագահ Ճօ Պայտընը` իբրեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ:

«Ան տարիներ շարունակ պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` համահովանաւորելով բազմաթիւ բանաձեւեր, Միացեալ Նահանգներէն պահանջած չաջակցիլ Թուրքիոյ` տակաւին անպատժելի այդ յանցագործութեան ժխտման հարցին մէջ:

«Իբրեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ` ան ճնշում գործադրած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի վրայ` Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի շրջափակման, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական առկախուած յարաբերութիւններու հարցերուն մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ յիշեցում կը կատարուի, որ այս տարի Քերի դատապարտած է Իլհամ Ալիեւի կողմէ հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարելով սպաննած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելը: Ան Ալիեւի այդ քայլը որակած էր իբրեւ սադրանք, որ պիտի վնասէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան ու կայունութեան:

Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի թեկնածու Ռոպըրթ Մենենտես նոյնպէս աչքի ինկած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ հայկական կողմի շահերու պաշտպանութեամբ: Ան ծերակուտական Պարպարա Պոքսըրի հետ ջանքեր ի գործ դրած է Մեթիու Պրայզայի Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ նշանակումը կանխարգիլելու հարցին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )