Րաֆֆի Յովհաննիսեան Պիտի Ինքնառաջադրուի
Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը շաբաթ օր կայացուց իր համագումարը, որուն ընթացքին կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննիսեան յայտարարեց.
«Հայաստանի յաջորդ նախագահութիւնը պէտք է ըլլայ փոքր վարչակարգով, նախագահը պէտք է նուազեցնէ իր շռայլութիւնները, մինչեւ որ Հայաստանի քաղաքացին արժանավայել կերպով ապրի:
«18 փետրուարին պիտի յանձնենք կարեւոր քննութիւն: Այդ օր պիտի ըլլայ ապագայի օր: Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք, մենք այդպէս պիտի չյանձնենք երկիրը: Առանց աւելորդ յուզմունքի` ես կը յայտարարեմ, որ պիտի մասնակցիմ ընտրութիւններուն` կ՛իքնառաջադրուիմ իբրեւ շարքային քաղաքացի»:
CATEGORIES Հայկական