Էն. Պի. Էյ. Հիթ Յաղթեց Ճեզի. Ճէյմս Նշանակեց 30 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Մայեմի Հիթ 105-89 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հիթ յաջողեցաւ Արեւելեան գօտիի (Արեւելեան շրջան) պարագլուխի դիրքը խլել Նիւ Եորք Նիքսէն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 30 կէտ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յետ երկարաձգման 118-115 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի: Քոպի Պրայընթ (Լէյքըրզ) նշանակեց 34 կէտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 96-87
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ 92-75
Մայեմի Հիթ – Եութա Ճեզ 105-89
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Օրլինզ 81-75
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 121-96
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Միլուոքի Պաքս 94-82
Տենվըր Նակեթց – Շարլոթ Հոռնեթց 110-88
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ 96-93
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 118-115
Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Օրլանտօ Մեճիք – Եութա Ճեզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ