Ֆութսալ. 2011-2012 Տարեշրջանի Պարգեւատրման Արարողութիւն
Հայաստանի ֆութսալի 2011-2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցանակակիրներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Ոսկի մետալները եւ ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնուեցան Երեւանի Շահումեան խումբի ֆութպոլիստներուն: Արծաթէ մետալները յանձնուեցան Հրազդան, իսկ պրոնզէ մետալները` Գիւմրի խումբերուն ֆութպոլիստներուն:
Ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուին մրցանակը` «Ֆութպոլի կօշիկը» յանձնուեցաւ Հրազդան խումբի ֆութպոլիստ Վահան Սարգսեանին:
Իսկ լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը յանձնուեցաւ Երեւան Շահումեան խումբի մարզիկ Գրիգոր Կապուկրանեանին:
CATEGORIES Մարզական