Լիբանանեան Ֆութպոլ. Պարաղեմ Նապաթիէ – ՀՄԸՄ` 2-2
Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ օր Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Պարաղեմ Նապաթիէ – ՀՄԸՄ մրցումը:
Մրցակից կազմը Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Բ. կիսախաղին սկիզբը նշանակեց իր երկրորդ կոլը:
Սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, իրենց ստացած այդ երկու կոլերէն ետք, սթափելով կազմակերպեցին վտանգաւոր յարձակումներ եւ յաջողեցան փրկել կացութիւնը` նշանակելով երկու կոլ եւ արգելք հանդիսանալով, որ մրցակից կազմը յաղթանակ արձանագրէ: Սարգիս Ապաճեան նշանակեց ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին երկու կոլերը` 55-րդ եւ 80-րդ վայրկեաններուն (երկուքն ալ` փենալթիով):
Պէտք է ըսել, որ Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայանալով` Յակոբ Տօնապետեան իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ կազմին կատարած յարձակումներուն վրայ, սակայն աւելի քան տասնեակ մը առիթներէն միայն երկուքը կոլի վերածուեցան ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն կողմէ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, ՀՄԸՄ մնաց 2-րդ դիրքին վրայ (11 կէտով): Ա. խմբակի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Թատամոն Պէյրութ, որ իր կարգին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ժամհիեթ Մաարաքէի հետ, այժմ ունի 12 կէտ:
11 կէտով երրորդ դիրքը կը գրաւէ Շապապ Հումին Թահթա:
Թէեւ յառաջիկայ շաբաթավերջին մրցումները պիտի շարունակուին (7-րդ հանգրուան), սակայն ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:
ՀՄԸՄ 2013 տարուան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ ուրբաթ, 4 յունուարին` ճակատելով Թատամոն Պէյրութի դէմ:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Յարութ Սարգիս – Վարդան Պոյաճեան, Յովիկ Իզմիրլեան, Անթոնի Զէյտան, Ալեք Ալճեան – Սարգիս Ապաճեան, Ճոնի Գոնճեան, Յակոբ Նաճարեան, Մամաս Քէհէեան – Սարգիս Ազնաւուրեան եւ Քրիսթիան Թէյմունեան:
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անձրեւներու տեղումին պատճառով դաշտերուն պարզած վիճակը արգելք հանդիսացաւ երկու մրցումներու կայացման:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Սալամ Սուր – Անսար 0-0
Թրիփոլի – Շապապ Սահել 1-2
Նըժմէ – Սաֆա (յետաձգուած)
Շապապ Ղազիէ – Իժթիմահի 2-2
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ (յետաձգուած)
Ահտ – Թատամոն Սուր 7-1