«Եուսուֆ Հալաճօղլուի Հայերու Ցանկը…»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Հապէր Տիյարպաքըր» կայքէջին մէջ հրատարակուած եւ «Հայ թերթ» կայքէջի կողմէ հիւրընկալուած յօդուած մը կը ձաղկէ թուրք պաշտօնական տեսակէտներու ջերմ պաշտպան, թրքական պատմութեան կաճառի նախկին երկարամեայ նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլուն: Յօդուածը, որ ստորագրուած է Եաշար Կիւլէնի կողմէ, կ՛անարգէ Եուսուֆ Հալաճօղլուն` յիշեցնելով, որ Հալաճօղլու պատրաստած է ցանկ մը, ուր արձանագրուած են (իբր թէ) ՔԱԿ-ի մաս կազմող հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու անունները: Այս ցանկը այժմ ձեռքէ ձեռք կը շրջի եւ ազգայնապաշտ շրջանակներուն մէջ թշնամութիւն կը սերմանէ հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու դէմ:

Յօդուածագիրը կ՛ըսէ, թէ` «վսեմաշուք պարոն» մը, որ անցեալին Թուրքիոյ ամէնէն արժանապատիւ հիմնարկութիւններէն` պատմութեան կաճառը նախագահած է, այժմ կը կարծէ, թէ հայրենասիրական պարտականութիւն կը կատարէ հրատարակելով հայերու եւ միւսներու դէմ նմանօրինակ գրգռիչ ցանկ մը: Յօդուածագիրը մերժելով կը մերժէ Եուսուֆ Հալաճօղլուի այս ընթացքը, որովհետեւ Հալաճօղլուի շարժումին մէջ կը տեսնէ ազգային պատկանելիութիւնը նախատելու ձգտում: Ո՛չ մէկուն յանցանքը կապ ունի անոր ցեղային ծագումին հետ,- կ՛ըսէ յօդուածագիրը:

Եաշար Կիւլէն դիտել կու տայ, որ այժմ դէմ առ դէմ կը գտնուինք մարդասիրական եւ խղճմտանքի զգացումներէ զերծ գաղափարական մոլեռանդութեան մը հետ: Որովհետեւ`

1) Ասոնք մարդոց ցեղային ծագումը հաւասար կը նկատեն անոնց յանցագործութեան:

2) Հարցաքննութեան կ՛ենթարկեն կրօնական նախընտրութիւնները:

3) Յանցագործութեան կը նային ո՛չ թէ իրաւական տեսանկիւնէն, այլ ցեղային բնազդերով:

Ասիկա ցեղային զառանցանք մըն է եւ ամբողջովին կը մերժուի խղճմտանքի տէր մարդոց կողմէ: Յօդուածագիրը ինք ալ կ՛ըսէ, թէ կը մերժէ Հալաճօղլուի վերաբերումը, որովհետեւ ինք հայ, ասորի կամ եզիտի ըլլալը նախատինքի կամ նուաստացումի ազդակ չի նկատեր եւ կը հաւատայ, որ ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշը նախատելու` անոր ցեղային ինքնութեան պատճառով: Որովհետեւ` ինք ատելութիւն չունի ոչ իսլամ կրօնքներու նկատմամբ, ընդհակառակն այդ կրօնքներն ալ այս տիեզերքին արժէքները կը նկատէ եւ կը հաւատայ տակաւին, որ անհատներու գործած ոճիրները կը վերաբերին ո՛չ թէ անոնց պատկանած ցեղային հաւաքականութեան, այլ իր սեփական անձին: Եուսուֆ Հալաճօղլուի նման անձեր ի՞նչ ըսել կ՛ուզեն, երբ նմանօրինակ ելոյթներ կ՛ունենան: Այսինքն ըսել կ՛ուզեն, որ այսօրուան քրտական հարցի մը հանրապետութեան վարչակարգը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի՞, կամ թէ քիւրտերը իրենց վիճակէն գոհ են եւ ոչ քիւրտերն են, որ քրտական դիմակի տակ թուրքերու դէմ թշնամանք կը գործադրեն:

«Կը հարցնեմ ձեզի՛ վսեմաշուք Հալաճօղլու, այս երկրին տուրք վճարող, զինուորութեան պարտականութիւն կատարող, իր արհեստը հանրութեան տրամադրող մեր այս ոչ իսլամ հայրենակիցները պիտի զոհե՞նք մեր վարչակարգը փրկելու համար: Ասիկա յարմա՞ր է խղճմտանքի: Այս հանգրուանին երբ մարդասիրութիւնը որեւէ սահման չի ճանչնար, ողջամիտ ոեւէ մէկը կրնա՞յ ձեռնարկել նմանօրինակ շարժումներու», կը հարցնէ յօդուածագիրը եւ տակաւին կը հարցնէ նաեւ, թէ` «դուք բնաւ մտաւորականի պատիւ չունի՞ք, բնաւ մտաւորական մարդու արժանապատուութիւն չունի՞ք, խղճմտանք չունի՞ք, այս փոքրամասնութիւնները, որոնք արդէն հանրութենէն փրթած եւ ներամփոփ կեանք մը կ՛ապրին, առաւե՞լ եւս սահմանափակումներու ենթարկուին եւ կը կարծէք, թէ այս կերպով հայրենասիրական պարտականութիւ՞ն կը կատարէք: Մե՛ղք, շատ մեղք», կ՛եզրակացնէ յօդուածագիր Եաշար Կիւլէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )