Սուսերամարտ. Արեւմտեան Ասիոյ Փոքրերու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 5 Ոսկի Մետալի. Շուէյրի Հանդիսացաւ Լաւագոյն Մարզիկը

Անթուան Շարթիէ եւ Անթոնի Շուէյրի

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ փոքրերու սուսերամարտի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը խումբեր:

Ընդհանուր դասաւորման մէջ Իրաք հանդիսացաւ առաջին` տիրանալով 7ոսկի մետալի: Լիբանան գրաւեց երկրորդ դիրքը` տիրանալէ ետք 5 ոսկի մետալի:

Ախոյեանութեան աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Զիատ Շուէյրի, Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոնէն անդամներ, հրաւիրեալներ եւ ծնողներ:

Լիբանանէն Անթոնի Շուէյրի մրցաշարքին իրաւարարներուն կողմէ ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիկը` նկատի ունենալով, որ ան կարեւոր ներկայացումներ ունեցաւ եւ բաւական տպաւորեց բոլորը իր խաղարկութեամբ:

Ախոյեանութեան իրաւարարներէն չորսը լիբանանցի էին, երկուքը` Իրաքէն, իսկ մէկը` Յորդանանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )