Զբօսաշրջիկները Չկայացած «Աշխարհի Վերջ»-ի Պատճառով Մայաներու Տաճարին Վնասներ Պատճառած Են

Կուաթեմալայի Թիքալ տաճարը

«Ֆրանս 24» կը հաղորդէ, որ օտարերկրացի զբօսաշրջիկները մայաներու մեծագոյն տաճարին վնասած են: Անոնք «աշխարհի վերջը» դիմաւորելու մտքէն այնքան ոգեւորուած են, որ այժմ սրբավայրը վերականգնել կարելի չէ:

Խօսքը Կուաթեմալայի մէջ գտնուող Թիքալ տաճարի մասին է, որ մինչեւ օրս պահպանուած մայաներու մեծագոյն սրբավայրն է:

«Մարդկութեան վերջին օրը» դիմաւորելու համար այնտեղ ժամանած էին առնուազն 7 հազար զբօսաշրջիկներ, որոնք բուրգին վրայ բարձրացած են եւ մասամբ վնասած զայն:

Կուաթեմալայի մշակութաբանները արդէն զբօսաշրջիկներէն խնդրած են «յաջորդ անգամ (երբ պիտի ըլլայ հերթական «աշխարհի վերջը») յիշել, որ բուրգը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ արձանագրուած յուշարձան է»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )