Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ծերակուտական Մը Ձերբակալուած Է` Հարբած Վիճակի Մէջ Ինքնաշարժ Վարելուն Համար

Ծերակուտական Մայքըլ Քրափօ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի Ալեքսանտրիա քաղաքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Այտըհօ նահանգէն հանրապետական ծերակուտական Մայքըլ Քրափոն` հարբած վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելուն համար:

«Ան կարմիր լոյսի տակէն անցած է, ապա ոստիկանները կանգնեցուցած են օրինախախտը», յայտնած են ոստիկանութենէն` աւելցնելով, որ ինքնաշարժը կանգնեցնելէ ետք ի յայտ եկած է, որ ան գինով վիճակի մէջ է:

«Ես խորապէս կը ցաւիմ կատարուածին համար: Ես սխալ գործեցի, որուն համար ներում կը հայցեմ ընտանիքէս ու ընտրողներէս», կ՛ըսուի դէպքին վերաբերեալ ծերակուտականին տարածած յայտարարութեան մէջ:

Ան խոստացած է, որ նման բան այլեւս պիտի չկրկնուի:

Ըստ ամերիկեան օրէնքին, առաջին անգամ գինով վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելու համար վարորդը 300 տոլար տուգանքի կ՛ենթարկուի: Ան նաեւ վեց ամիս կը զրկուի ինքնաշարժ վարելու իրաւունքէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )